Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

January 11, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարչապետ Միքաթի կը ծանօթանայ ընկերային հաստատութիւններու պահանջներուն

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ գործավար Ռոպըրթ Ուաթքինզը, որուն հետ քննարկեց յառաջիկայ ուրբաթ օր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի Լիբանան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան ընդգրկելիք ծրագիրը:

Հանդիպումէն ետք Ուաթքինզ յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան եւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին միջեւ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:

Ուաթքինզ ընդգծեց, որ Քի Մուն Լիբանանի մէջ պիտի քննարկէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը` ընկերակցութեամբ ընկերային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մէկ պատուիրակութեան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընկերային հաստատութիւններուն, յատկապէս հաշմանդամներու յատուկ հաստատութիւններուն դիմագրաւած հարցերը` պահանջելով, որ լիբանանեան պետութիւնը այս հաստատութիւններուն օժանդակէ` անոնց վրայ իր պարտադրած տուրքերը ջնջելով:

Լիբանանի համագործակցականի մէկ պատուիրակութիւնը իր կարգին այցելեց վարչապետ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց համագործակցականին տրամադրուած 50 միլիոն տոլարի համազօր գումարին եւ այդ գումարը ներդրողներուն բաժնելու յատուկ յանձնախումբին կազմութեան թղթածրարը, ինչպէս նաեւ համագործակցականին կողմէ այսօր կատարուելիք բողոքի ցոյցը:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի խոստացաւ տրամադրուած այդ գումարը կարելի եղածին չափ շուտ յանձնել Լիբանանի համագործակցականին: Այդ գումարի բաշխումին պատասխանատու յանձնախումբին կազմութեան հոլովոյթին առումով վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ երկրագործութեան նախարարին հետ եւ որոշուեցաւ, որ յանձնախումբին մաս կազմեն նաեւ համագործակցականի անդամ ներդրողներ:

Առ ի գնահատանք վարչապետին եւ երկրագործութեան նախարարին ցուցաբերած լուրջ եւ պատասխանատու կեցուածքին, ինչպէս նաեւ գործակցութեան, Լիբանանի համագործակցականը որոշեց ջնջել իր կատարելիք այսօրուան բողոքի ցոյցը:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեցին նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաա եւ Լիբանանի վառելանիւթի կայաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սամի Պրաքս:

 

Նախորդը

ՄԱՆՍՈՒՐ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՔԻ ՄՈՒՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

«ԿԸ ՄԱՂԹԵՄ, ՈՐ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԻ ՍՐԲԱԳՐՈՒՄԻՆ ԳԾՈՎ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԳՈՅԱՆԱՅ» ՅԱՅՏՆԵՑ Փ. ՄԱՆՃԵԱՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.