Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մնացականեանի Պատասխանը Լաւրովին` Արցախի Հարցին Մասին Անոր Յայտարարութեան Վերաբերեալ

April 23, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 21 ապրիլին, Կորչակովի անուան հանրային դիւանագիտութեան աջակցութեան ակումբի անդամներուն հետ առցանց հանդիպումի մը ընթացքին, Արցախի տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ հակամարտ կողմերը ներկայիս աշխուժօրէն կը քննարկեն արցախեան հարցի լուծման այն նախագիծերը, որոնք բանակցութիւններու սեղանին դրուած էին ապրիլ 2019-ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին:

«Այդ փաստաթուղթերը կ’ենթադրեն լուծման գործին մէջ յառաջխաղացք` փուլային մօտեցման հիմքով, որ կ’ենթադրէ աւելի  արդիական հարցերու լուծում առաջին փուլին` Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կարգ մը շրջաններու ազատում եւ փոխադրութեան, տնտեսական եւ այլ հաղորդակցութիւններու բացում: Երբ յանգինք այդ փաստաթուղթերուն ստորագրման որոշման, շատ կարեւոր քայլ կ’ըլլայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերու կատարման գործին մէջ, որ կը պահանջէր դադրեցնել պատերազմը եւ սկսիլ պայմանաւորուիլ», ըսաւ Լաւրով:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը վերջին երկու տարիներուն ընթացքին Արցախի հարցին գծով եղած է շատ թափանցիկ եւ կառավարութեան դիրքորոշումը ու տեսակէտները հանրութեան ներկայացուցած է շատ պարզ եւ յստակ ձեւով: «Հիմա աւելի յստակացնեմ` այո՛, այդ մեկնաբանութեան մէջ եղած են յղումներ բազմաթիւ փաստաթուղթերու, սկսած Քի Ուեսթէն մինչեւ վերջերս, խօսքը կը վերաբերէր նաեւ, թէ ինչ փաստաթուղթի մասին է խօսքը այս երկու տարուան ընթացքին: Եկէք շատ յստակ ըլլանք, նման մօտեցումներ ի յայտ եկած են 2014-ին, 2016-ին, եւ այդ մօտեցումները  ընդունելի չեն եղած հայկական կողմերու համար: 2018-էն ի վեր քննարկումները սահմանափակուած են առանձին տարրերու շուրջ կողմերու մօտեցումներու քննարկման, գնահատման վերաբերեալ», ըսաւ Մնացականեան:

Մնացականեան աւելցուց` ըսելով, որ 2014-ին առաջարկուած տարբերակը այսօր բանակցութիւններու սեղանին վրայ չէ, եւ թէ հայկական կողմը առաջնահերթօրէն ընդգծած է Արցախի բնակչութեան ապահովութեան հարցը: Ինչ կը վերաբերի տարածքներու հարցին` Մնացականեան ըսաւ, որ այդ տարածքները նախ եւ առաջ ապահովութեան գօտի են, ուր կը գտնուին նաեւ մեր պաշտպանողական գիծերը: Մնացականեան աւելցուց, որ հայկական որեւէ կողմ չի կրնար ենթադրել նոյնիսկ, որ կարելի է այս դիրքորոշումը վերանայիլ` վտանգի տակ դնելով Արցախի բնակչութիւնը:

Շարունակելով, Մնացականեան ըսաւ, որ երկրորդ կարեւորագոյն բանակցային կէտը ինքնորոշման սկզբունքն է, որ հայկական կողմին համար առաջնային եւ գերակայ է:  Ան ըսաւ, որ ինքնորոշման իրաւունքի մասին արտայայտութիւնը կը բացատրուի միայն Արցախի ժողովուրդին անվտանգութեամբ, Արցախի կարգավիճակին յստակացումով եւ ժողովուրդին ազատ կամքի արտայայտութեամբ, առանց որեւէ սահմանափակումի:

Մնացականեան եզրակացուց` ըսելով, որ Արցախի հարցին խաղաղ լուծումին կարելի է հասնիլ փոխզիջումներու միջոցով, իսկ զիջումներ չեն եղած եւ պիտի չըլլան:

 

Նախորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Լուծումը Պէտք Է Փուլային Բնոյթ Կրէ, Իսկ Հայաստանը Իր Յայտարարութիւններով Կը Տապալէ Բանակցային Հոլովոյթը» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

Յաջորդը

Նախագահ Յարութիւնեան. «Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները Կը Շարունակեն Խուսափիլ Տագնապի Իրական Կողմին Հետ Ուղիղ Բանակցութիւններ Վարելէ»

RelatedPosts

Քոնկրեսականներ Արցախցիներու Վերադարձին  Եւ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Կոչեր Ուղղեցին
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսականներ Արցախցիներու Վերադարձին Եւ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Կոչեր Ուղղեցին

September 18, 2026
Հայ Հոգեւոր Առաջնորդները Սպիտակ Տան Մէջ  Հանդիպում Ունեցան Թրամփի Հետ
Հայկական

Հայ Հոգեւոր Առաջնորդները Սպիտակ Տան Մէջ Հանդիպում Ունեցան Թրամփի Հետ

September 18, 2026
Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ`  Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններու Հետ Կապուած
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.