Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա» Ժահրի Տարածման Կանխարգիլման Միջոցառումներու Քննարկում` Նախագահական Պալատին Մէջ

April 23, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանը եւ Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Իման Շանքիթին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար գործադրուող միջոցառումները եւ յաջորդ փուլը, որ կ’ընդգրկէ «Քորոնա» ժահրի պատահական քննութիւններ կատարել Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ, եւ որուն նպատակն է յստակ պատկեր տալ Լիբանանի մէջ ժահրի տարածման իրավիճակին մասին:

Հանդիպումէն ետք նախարար Հասան լրագրողներուն յայտնեց, որ անդրադարձ կատարուած է գործադրուող միջոցառումներուն, ընդհանուր զօրաշարժին, եւ առնուելիք յաջորդ քայլերուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Քուէյթին, որ տրամադրած է «Փի.Սի.Ար.»-ի քննութիւններ, ինչ որ կարելի կը դարձնէ օրական 2000 քննութիւն կատարել: Նախարարը ընդգծեց, որ մինչեւ մայիս 10 Լիբանանի մէջ կատարուած քննութիւններու թիւը պիտի հասնի միջազգային միջին թիւին, որ կը կազմէ 15000 քննութիւն` իւրաքանչիւր 1 միլիոն մարդու համար: Ըստ նախարարին, անկէ ետք պիտի յստականան առնուելիք քայլերը:

Ապա խօսք առաւ Շանքիթի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին եւ նախարարին մնայուն աջակցութեան համար: Ան վստահեցուց, որ Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւնը սերտօրէն կը գործակցի Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան հետ, եւ յայտնեց, որ նախարարութեան գործադրած բոլոր միջոցառումները արդիւնաւէտ էին: Ան բոլորին կոչ ուղղեց համագործակցելու եւ շարունակելու հետեւիլ միջոցառումներուն: Շանքիթի աւելցուց, որ կազմակերպութիւնը աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ նաեւ կառավարական հիւանդանոցներուն:

Գնահատելով զետեղուած նպատակներու արդիւնաւէտութիւնը` նախարար Հասան յայտնեց, որ հակառակ լրատուամիջոցներու բարձրացուցած մեծ աղմուկին եւ քաղաքացիներու վախին, փաստուեցաւ, որ հաստատութենական աշխատանքի ճամբով կարելի է պաշտպանել հանրութիւնը` հակառակ փոքր կարելիութիւններուն: Ան աւելցուց, որ մինչեւ հիմա իրագործուած աշխատանքները կը գտնուին զետեղուած ծրագիրին ծիրին մէջ, եւ այժմ կը կատարուի այդ ծրագիրի գործադրութեան շարունակութիւնը: Նախարար Հասան զգուշացուց թիւերէն խաբուելէ եւ յայտնեց, որ նախանցեալ օր «Քորոնա» ժահրով ոչ մէկ պարագայ արձանագրուիլը բաւարար տուեալ չէ որոշումներ տալու: Նախարարը աւելցուց, որ պիտի սկսի արտերկրի լիբանանցիներու վերադարձի երկրորդ փուլ, ինչ որ յաւելեալ պատասխանատուութիւն է, հետեւաբար` ընդհանուր զօրաշարժը պիտի շարունակուի: Նախարարը յայտնեց, որ երբ զօրաշարժը դադրի, մարդիկ բնականաբար պիտի սկսին իրարու մօտ գալ, հետեւաբար ժահրի տարածման երկրորդ ալիքը կրնայ հաւանական ըլլալ, ուրեմն պէտք է շատ զգուշ ըլլալ եւ շարունակել պատահական քննութիւնները: Ընդհանուր զօրաշարժին գծով նախարարը ըսաւ, որ ատիկա պիտի շարունակուի: Ան աւելցուց, որ ուրբաթ օր պիտի գումարուի Ապահովութեան գերագոյն խորհուրդի նիստը, եւ զօրաշարժի որոշումը կու տայ կառավարութիւնը իբրեւ ամբողջութիւն եւ ո’չ միայն առողջապահութեան նախարարութիւնը:

Շանքիթիի հարց տրուեցաւ ժահրին տարածումը կանխարգիլելու բժշկական փորձարկումներուն մասին: Ան յայտնեց, որ տակաւին յստակ տուեալներ չկան պատուաստի եւ դեղերու գծով: Ինչ կը վերաբերի ընդհանուր զօրաշարժին, ան յանձնարարեց երկու շաբաթով երկարաձգել ատիկա` նշելով, որ ի վերջոյ այդ որոշումը կառավարութիւնը կու տայ: Ան յայտնեց, որ հակառակ տնտեսական ծանր վիճակին, պէտք է շատ զգուշ վարուիլ թիւերուն հետ, եւ եթէ որոշում տրուի նախազգուշական միջոցառումները դադրեցնելու, ապա այդ դադրեցումը պէտք է կատարուի աստիճանաբար եւ շատ զգուշօրէն:

«Քորոնա» Ժահրով Վարակուած 8 Նոր Պարագաներ. Ընդհանուր Թիւ` 685

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 685-ի, երբ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցան 8 նոր պարագաներ: Մահացաւ 1 հոգի, եւ ապաքինեցան 130 վարակուածներ:

Հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի, որ վարակուածներուն 9 առ հարիւրին վիճակը ծանր է, մօտաւորապէս 69 առ հարիւրինը` թեթեւ եւ միջակ, իսկ անոնց աւելի քան 22 առ հարիւրը ոչ մէկ ախտանշան ունի: Նշուած է նաեւ, որ 20-էն 29 տարեկան խմբաւորումին մէջ գտնուող անձերը կը կազմեն վարակուածներուն աւելի քան 24 առ հարիւրը:

Երեկոյեան հաղորդուեցաւ, որ Պշարրէի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 3 նոր պարագայ:

Պատահական Քննութիւնները Կը Շարունակուին

Առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական խմբակները շարունակեցին լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ կատարել «Փի.Սի.Ար.»-ի քննութիւնները: Անոնք երէկ այցելեցին Ժեզզին, Պընթ Ժպէյլ, Պաալպեք տանող ճամբան, Պաթրուն տանող ճամբան:

Ժեզզընի մէջ 300 պատահական քննութիւններ կատարուեցան կառավարական հիւանդանոցին մէջ:

Մէկ Պարագայ` Պաղեստինեան Ժալիլ Գաղթակայանին Մէջ

Պաալպեքի պաղեստինեան Ժալիլ գաղթակայանին մէջ հաստատուեցաւ, որ կին մը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Առողջապահութեան նախարարութեան խումբը կատարեց քննութիւններ` անոր ընտանիքի անդամներուն եւ շրջապատի անդամներուն: Քննութիւններուն թիւը հասաւ 97-ի: Կառավարական հիւանդանոցին եւ Նեպի Շիթ աւանին մէջ կատարուած քննութիւններուն թիւը հասաւ 180-ի: Հականեխուեցաւ ամբողջ գաղթայականը, եւ առնուեցան անհրաժեշտ նախազգուշական միջոցառումները:

Նախորդը

Խորհրդարանի Նիստը Առկախուեցաւ` Օրինաթիւի Խախտումին Պատճառով

Յաջորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Լուծումը Պէտք Է Փուլային Բնոյթ Կրէ, Իսկ Հայաստանը Իր Յայտարարութիւններով Կը Տապալէ Բանակցային Հոլովոյթը» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին  Աջակցութեան Խորհրդաժողովի  Նախապատրաստական Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Ժողով

September 18, 2026
Աուն-Մաքրոն Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Մաքրոն Հանդիպում

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա  Բ. Եռակողմ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. Եռակողմ Ժողով

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.