Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Նիստը Առկախուեցաւ` Օրինաթիւի Խախտումին Պատճառով

April 23, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը առկախուեցաւ` օրինաթիւի  խախտումին պատճառով: Յետմիջօրէի եւ այսօր նախատեսուած նիստերը յետաձգուեցան: Նիստին ընթացքին վաւերացուեցան շարք մը օրինագիծեր, իսկ բազմաթիւ  այլ օրինագիծեր փոխանցուեցան խորհրդարանական յանձնախումբերուն` ուսումնասիրութեան նպատակով: Ամէնէն յատկանշականը այն էր, որ խորհրդարանը վաւերացուց հիւանդանոցներուն յաւելեալ 450 միլիառ լիբանանեան ոսկիի գումարի յատկացումը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ինք ունի տեղեկութիւններ, թէ ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրի մշակումը աւարտած է եւ պիտի ներկայացուի կառավարութեան: Վարչապետ Տիապ պատասխանեց, որ ծրագիրի քննարկումը տեղի պիտի ունենար այս շաբաթ, սակայն յետաձգուեցաւ յաջորդ շաբթուան` օրէնսդրական նիստին պատճառով:

Խորհրդարանը նախարարները պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ զանոնք անձեռնմխելիութենէ զրկելու օրէնքի հրատապութեան իրավիճակը չեղեալ նկատեց, եւ խորհրդարանի նախագահը օրինագիծը փոխանցեց խորհրդարանական յանձնախումբին, որ նմանօրինակ օրինագիծեր կը քննարկէ:

Նոյնպէս զանց առնուեցաւ Պըսրիի ամբարտակին աշխատանքները դադրեցնելու վերաբերեալ օրինագիծի հրատապութեան կարգավիճակը եւ ատիկա փոխանցուեցաւ յանձնախումբերուն: Զանց առնուեցաւ նաեւ հրատապութեան կարգավիճակը այն օրինագիծին, որ կը վերաբերի կրճատելու խորհրդարանի ժամանակաշրջանը եւ կատարելու կանխահաս ընտրութիւններ:

Խորհրդարանը վաւերացուց այն օրինագիծը, որ կը վերաբերի հանրային վայրերուն մէջ ղեկավարներու, պատասխանատուներու եւ պաշտօնեաներու նկարներու եւ գծագրութիւններու արգիլման: Վաւերացուեցաւ նաեւ ոչ բնակելի կառուցուած վայրերու վարձակալութեան ժամկէտի երկարաձգումը մէկ տարիով:

Հրատապութեան կարգավիճակէ զրկուեցաւ նաեւ «Եուրոպոնտ»-ի պարտատոմսերու վճարումի առկախումը մերժող օրինագիծը: Խորհրդարանական յանձնախումբերուն փոխանցուեցան նաեւ լումայափոխերու ասպարէզը կարգաւորող եւ դրամատնային հաշիւներու գաղտնիութիւնը չեղեալ նկատող օրինագիծերը:

Խորհրդարանը նիստի աւարտին ներկայացուց օրինագիծ, որուն նպատակն է պիւտճէին մէջ բանալ 200 միլիառ տոլար արժողութեամբ յաւելեալ վարկ: Վարչապետ Տիապ այս ծրագիրը շատ կարեւոր նկատեց` նշելով, որ ատիկա կը ներկայացնէ ընկերային ապահովութեան ցանց: Պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըր շեշտեց այս ծրագիրին անհրաժեշտութիւնը երկրին ճարտարարուեստը խթանելու համար:

Խորհրդարանի նիստին ընթացքին ցուցարարներ երէկ եւս կատարեցին ինքնաշարժներու երթեր տարբեր շրջաններու մէջ` բողոքելով տնտեսական վիճակին դէմ եւ պահանջելով իւրացուած դրամներու վերադարձը:

Տիապ. «Կեդրոնական Դրամատան Վերջին Շրջաբերականը Կառավարութեան Հետ Չէ Համակարգուած»

Չորեքշաբթի օրուան օրէնսդրական նիստի օրինաթիւին խախտումէն ետք, վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ քաղաքական յարձակումը կառավարութեան վրայ սպասելի է` յոյս յայտնելով, որ ատիկա չազդէ ընկերային եւ սնունդի ապահովութեան վրայ: Տիապ ընդգծեց, որ 450 միլիառ լիբանանեան ոսկիի գումարը, տրամադրուած` առողջապահական համակարգին, որոշ չափով կ՛օգնէ հիւանդանոցներուն կատարելու իրենց պարտականութիւնները, յատկապէս որ կարգ մը անձնական հիւանդանոցներ ժամանակէ մը ի վեր սկսան բուժել «Քորոնա» ժահրով վարակուածները: Ինչ կը վերաբերի 1200 միլիառ լիբանանեան ոսկիի գումարին, որ կը վերաբերի Լիբանանի քաղաքացիին, Տիապ նշեց, որ ատոր որոշումը յետաձգուեցաւ եւ ժողովին օրինաթիւը խախտեցաւ: Ան բացատրեց, որ ատիկա լիբանանեան դրամանիշով վարկ է` պարտատոմսերու ձեւին տակ:

Վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը իր աւարտին պիտի հասնէր այս շաբթուան աւարտին, սակայն յետաձգուեցաւ յաջորդ շաբթուան աւարտին: Տիապ նշեց, որ ինք ուրբաթ օր խօսք պիտի առնէ կառավարութեան նիստէն ետք` ընդգծելով, որ պէտք է աւելի մեծ համակարգում ըլլայ Կեդրոնական դրամատան կողմէ կառավարութեան հետ, իսկ ինչ կը վերաբերի Կեդրոնական դրամատան վերջին շրջաբերականին, ապա Տիապ նշեց, որ կառավարութիւնը անկէ տեղեակ չէր, եւ իրեն հետ չհամակարգուեցաւ այդ շրջաբերականը: Ըստ վարչապետին, Կեդրոնական դրամատունը գործադիր իշխանութեան հետ չի համակարգեր իր հրապարակած որոշումները:

 

 

Նախորդը

Ահաւոր Ոճիր` Պաաքլինի Մէջ

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրի Տարածման Կանխարգիլման Միջոցառումներու Քննարկում` Նախագահական Պալատին Մէջ

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.