Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բողոքի Ցոյցեր` Խորհրդարանի Նիստին Զուգահեռ

April 22, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բողոքելով Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական եւ կենցաղային ծանր պայմաններուն դէմ, ցուցարարներ հաւաքուեցան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին շրջակայքը, ուր տեղի կ՛ունենար խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը: Անոնք բացագանչեցին, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահանալը կը նմանի անօթութեան եւ աղքատութեան պատճառով մահանալուն: Ցուցարարները նշեցին, որ պիտի չդադրեցնեն իրենց բողոքի շարժումները, եւ ժահրը արգելք պիտի չհանդիսանայ իրենց պահանջներու իրականացման:

Ցուցարարները հաւաքուեցան Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ` կատարելու ինքնաշարժներու երթ մը եւ բարձրաձայնելով «Յեղափոխութիւնը չմեռաւ» կարգախօսը:

Այն Մըրեյսիէն ինքնաշարժներու երթ մը շրջագայեցաւ Պէյրութի փողոցները, ապա միացաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մօտ գտնուող ցուցարարներուն: Սարպայէն մեկնած ինքնաշարժներու երթը նաեւ հասաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ: Սուրի, Սայտայի եւ Նապաթիէի մէջ նաեւ տեղի ունեցան ինքնաշարժներու երթեր:

Ցուցարարները յայտարարեցին, որ կը հետեւին «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման եւ նախազգուշական միջոցառումներուն. զոյգ թիւով վերջացող ինքնաշարժներ` միայն երկու հոգի ինքնաշարժին մէջ, կը կրէին դիմակներ եւ ձեռնոցներ:

Թրիփոլիի մէջ ցուցարարներ հաւաքուեցան Նուրի հրապարակը եւ բողոքեցին ամերիկեան տոլարի սակի ու ուտեստեղէնի գիներու բարձրացման դէմ` պահանջելով վերադարձնել գողցուած դրամները եւ պատասխանատուութեան ենթարկել մեղաւորները: Տեղի ունեցաւ նաեւ ինքնաշարժներու երթ, որուն մասնակցեցան նաեւ ազատ ասպարէզներու սենտիքաներ եւ համալսարանի դասախօսներ:

Սայտայի Ֆաուար շրջանին մէջ ցուցարարները բողոքեցին տնտեսական վատ պայմաններուն դէմ եւ պահանջեցին օժանդակութիւններ տրամադրել կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Պաալպէքի մէջ քաղաքացի մը փորձեց ինքզինք հրկիզել Պըտնայէլ քաղաքի դրամատուներէն մէկուն մէջ, երբ դրամատունը մերժեց տալ  այնտեղ պահ դրած իր գումարը: Դրամատան պաշտօնեաները եւ ապահովական ուժերու անդամներ փրկեցին զինք:

 

Նախորդը

Տիապ Ֆուշիէի Հետ Քննարկեց Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը

Յաջորդը

Վերջին 24 Ժամուան Ընթացքին` «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Ոչ Մէկ Պարագայ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.