Երէկ, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի առցանց առաջին լսարանը, որուն նիւթն էր «Նոր աշխատակարգ եւ նորարար ձեւաչափեր»:
Զրոյց-քննարկումը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակիցներէն, տնտեսագէտ Մինաս Հանս Քէհէեանը, որ խօսեցաւ թեմային թէ՛ արհեստագիտական, եւ թէ բովանդակային ուղղութիւններուն մասին:
Մէկուկէս ժամ տեւած լսարանին հետեւեցան Լիբանանէն, Քուէյթէն, Փաքիստանէն, Կիպրոսէն, Ֆրանսայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն 30 մասնակիցներ:
«Զում» ծրագիրի ճամբով առցանց լսարանները պիտի շարունակուին: Այս առումով մասնակիցները առաջարկներ կատարեցին տարբեր նիւթերու` «Քորոնա»-ի ստեղծած տարբեր ոլորտներու իրավիճակներուն, յետքորոնական ժամանակաշրջանին նախատեսելի հետեւանքներու յաղթահարման, երիտասարդական հարցերու, երիտասարդական հմտութիւնները զարգացնելու ուղիներու, հայրենիք-սփիւռք գիտական կամուրջային հարթակներ ստեղծելու հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ:
Գործնական նկատուեցաւ նաեւ իւրաքանչիւր նիւթի պարագային թիրախաւորուած մասնագիտական լսարան հրաւիրելն ու նախապէս լսարաններու շարքին ընդհանուր ժամանակացոյցին մասին իրազեկելը:
Ընդգծուեցաւ այն իրողութիւնը, որ ներկայ պայմանները աւելիով կը շեշտեն նման ձեւաչափով լսարաններ կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը եւ այս առումով լսարաններուն թէ՛ զեկուցաբերներու, եւ թէ մասնակիցներու աշխարհագրութիւնը ընդլայնելու հնարաւորութիւնը:




