«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը` Ռըզըք հիւանդանոցէն բժշկական խումբի եւ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի (Էլ. Էյ. Եու.) բժշկական բաժանմունքին հետ գործակցաբար, 16 ապրիլ 2020-ին կատարեց «Փի. Սի. Ար.»-ի անվճար քննութիւն հայկական առողջապահական եւ ընկերային ծառայութեան կեդրոններուն մէջ աշխատող 65 անձերու:
Շրջուն տարրալուծարանին ճամբով Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ կատարուած «Քորոնա»-ի ժահրի այս քննութեան վերահսկեց տուեալ հիւանդանոցի բժշկութեան բաժանմունքի տնօրէն տոքթոր Ճորճ Ղանըմ` ներկայութեամբ Շտապի պատասխանատու, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանի, անոր անդամներուն եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի: Քննութեան արդիւնքները պիտի յստականան 24 ժամէն:
Այս առիթով Աւետիս Կիտանեան դրուատեց Ռըզըք հիւանդանոցի եւ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը, որով լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ «Փի. Սի. Ար.»-ի անվճար քննութիւններ կը կատարուին շրջուն տարրալուծարանին ճամբով: Ան տեղեկացուց, որ Պուրճ Համուտի մէջ այս քննութեան ենթարկուեցան այն բժիշկներն ու հիւանդապահները, որոնք կ’աշխատին հայկական բարեսիրական ու առողջապահական հաստատութիւններուն մէջ, եւ որոնք այս ժահրով վարակուելու վտանգի առաջին գիծի վրայ են: Կիտանեան դիտել տուաւ, որ այս մէկը կատարուած է, որպէսզի բժիշկներն ու հիւանդապահները հոգեպէս հանգիստ ըլլան եւ գիտնան, որ այս ժահրով վարակուած չեն, նաեւ մտահոգ չըլլան այն հիւանդները, որոնք տուեալ բժիշկներուն կամ այդ կեդրոնները կ’այցելեն:
Աւետիս Կիտանեան յոյս յայտնեց, որ կատարուած քննութիւններուն արդիւնքները ժխտական ըլլան` հաստատելով, որ Շտապը պիտի շարունակէ անհրաժեշտ քայլերուն դիմել, որպէսզի կարելի ըլլայ առաւելագոյնս հեռու պահել այս ժահրով վարակուելու վտանգը:
Մարտիկ Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս շատ կարեւոր նախաձեռնութեան համար` մաղթելով, որ քաղաքացիները ինքնավստահութիւնը ունենան այս քննութիւնը կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ այս ժահրի տարածումը հակակշիռի տակ առնել եւ վանել մտահոգութիւնները: Ան եւս կատարեց «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւն:



