Շանկհայի «Հուաշան» հիւանդանոցի վարակաբանական բաժանմունքի ղեկավար, «Քորոնա» ժահրի բուժման Շանկհայի փորձագիտական խումբի ղեկավար Չժան Վենհուն յայտարարած է, որ մարդկութիւնը այս տարուան ամրան տակաւին պիտի չկարենայ լիարժէքօրէն յաղթահարել «Քորոնա» ժահրի համաճարակը, իսկ այս տարուան նոյեմբերին հաւանաբար սկսի հիւանդութեան նոր ալիք: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով չինական «Հուանցիուվան» կայքին:
«Բռնկումները սկսած են տարածուիլ Հարաւային Ամերիկայի, Ափրիկէի, Հարաւարեւելեան Ասիոյ երկիրներուն մէջ, այդ իսկ պատճառով, հաշուի առնելով գոյութիւն ունեցող թուաբանական բնորդը, երբ ձմեռը գայ, բոլորը նորէն պիտի նստին տունը, պիտի հաւաքուին խումբերով», ըսած է Վենհուն:
Բժիշկը միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ այս համաճարակի ժամանակ ձեռք բերուած փորձառութեան շնորհիւ երկրորդ ալիքը այսքան լուրջ պիտի չըլլայ:
«Սակայն այն երկիրներուն համար, որոնք բաւարար բժշկական ներուժները չունին, ինչպիսիք են Ափրիկէի եւ Հարաւային Ամերիկայի երկիրները, հաւանաբար դժուար ըլլայ յաջորդ ձմեռուան անցումը», աւելցուցած է փորձագէտը:
Անոր համաձայն, համաճարակաբանական իրավիճակը կախեալ է ոչ թէ Չինաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն կամ Եւրոպայէն, այլ անկէ, թէ պետութիւնները ինչպէ՛ս պիտի պայքարին համաճարակին դէմ:



