Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 44 նոր դէպք:
Հայաստանի մէջ 15 ապրիլի դրութեամբ «Քորոնա»-ի հաստատուած դէպքերուն ընդհանուր թիւը 1.111 է, արձանագրուած է մահուան 17 (աւելցած է մէկ) դէպք: Կատարուած քննութիւններուն 9095-ը բացասական արդիւնք տուած են:
Ապաքինած վարակակիրներուն թիւը աւելցած է 32-ով` բուժուածներուն թիւը հասցնելով 297-ի: 15 ապրիլի դրութեամբ բուժում կը ստանայ 797 հիւանդ:



