Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի ընթացիկ օրակարգ մը:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Լազարինիին` Լիբանանի մէջ անոր ի գործ դրած ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու առումով:
Իր կարգին, Լազարինի յայտնեց, որ ինք նշանակուած է ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ընդհանուր պատասխանատու` հաստատելով, որ ինք իր ստանձնած նոր պաշտօնին շրջագիծին մէջ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ծառայելու Լիբանանին:



