Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 14, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մաժզուպ յայտնեց, թէ Լիբանան լուրջ տագնապէ մը կ’անցնի` գերագոյն շահերուն եւ փոքր շահերուն միջեւ արձանագրուած բախումին պատճառով:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց բոլորին` դասեր քաղելու սադրանքներու պատճառով բռնկած քաղաքացիական պատերազմէն եւ իմաստուն կերպով գործելու:

ԻՍԼԱՄ քարոզիչ սէյիտ Մոհամետ Հիւսէյն Ֆատլալլայի գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ 24 ապրիլը ռամատանի առաջին օրուան կը զուգադիպի:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ղատա Շրայմ յայտնեց, որ իրեն համար ամօթալի է, որ քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն 30 տարի ետք, գաղթականներու թղթածրարը տակաւին քննարկումի ենթակայ ըլլայ: «Այս թղթածրարը լիբանանեան պատերազմի հետեւանքներէն է, հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է վերջնականապէս փակել մեր ցաւալի պատմութեան այս էջը», ըսաւ Շրայմ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մանալ Ապտել Սամատ 13 ապրիլին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 45-ամեակին առիթով կոչ ուղղեց` դասեր քաղելու անցեալի տխուր եւ մռայլ էջերէն` առաջնորդուելով «Նախ` Լիբանան» կարգախօսով:

Միւս կողմէ, Ապտել Սամատ յայտնեց, որ, ճշգրիտ  տեղեկութիւնը լիբանանցիներուն փոխանցելու իր  յանձնառութենէն մեկնելով, ինք հանդիպումներ պիտի կազմակերպէ կարգ մը նախարարութիւններու եւ  լրատուամիջոցներու պատասխանատու  ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական  ընկերութիւնը ներկայացնող անձնաւորութիւններու միջեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշգրիտ տուեալներ հասցնել հանրութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի յայտնեց, որ եթէ կարելի չըլլայ լիբանանեան հզօր պետութիւն մը կերտել, ապա 13 ապրիլը պիտի կրկնուի` իրեն հետ բերելով պատերազմի ամբողջ արհաւիրքը, որովհետեւ կարելի չեղաւ զայն հակակշիռի տակ պահել:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ  Պուսթանի յայտնեց, որ 13 ապրիլ 1975-ը կը յիշենք, որպէսզի անկէ դասեր քաղենք: «Այդ թուականը մեզի կը սորվեցնէ, թէ պատերազմը պէտք չէ կրկնուի, այլ լիբանանցիները պէտք է աշխատին ի խնդիր միասնականութեան: Միասնականութիւնը մեր փրկութիւնն է», շեշտեց ան:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ  կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք  Մաժզուպ պէտք է ճշդէ ուսումնական տարեշրջանի  ճակատագիրը, որպէսզի աշակերտները դուրս գան «Քորոնա» ժահրի մեկուսացման ընթացքին իրենց  ապրած  մտահոգութիւններէն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ  Լիբանանի հիւանդանոցները սկսած են փակել իրենց դռները,  որովհետեւ լիբանանեան պետութիւնը թերացած է իր  պարտաւորութիւնները կատարելուն մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Ս. Յարութեան Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Քրիստոս Ըսաւ Ու Միշտ Կ’ըսէ` Ձեզի Հետ Եմ, Մի՛ Վախնաք»

Յաջորդը

Ս. Զատկուան Առիթով Բարեմաղթութիւններ Իշխանութեան Պետերուն, Ռայի Պատրիարքին Եւ Ապահովական Կառոյցներու Պետերուն Կողմէ

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.