ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Անհրաժեշտ է եկեղեցին տանիլ ժողովուրդին, որովհետեւ եկեղեցին ժողովուրդն իսկ է, մանաւանդ հայ եկեղեցին, իր ազգային նկարագիրով ու իր հաւատքի առաքելութեան առընթեր իր ազգային ծառայութեամբ»:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Ծաղկազարդէն ետք քրիստոնեայ եկեղեցին կը պատրաստուի տօնել Ս. Յարութեան տօնը: Դժբախտաբար այս տարի արտասովոր իրավիճակի դրութեան բերումով («Քորոնա» համավարակ) ժողովուրդին առօրեայ կեանքը, գործի ասպարէզներն ու առհասարակ եկեղեցական կեանքը սահմանափակումի ենթարկուած են, եւ աւելի քան ամիսէ ի վեր եկեղեցական արարողութիւնները կը կատարուին առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան: Հոս հարկ է նշել, որ գրեթէ բոլոր եկեղեցիները սկսան առցանց դրութեամբ արարողութիւնները սփռել` ժողովուրդը հաղորդ դարձնելու պատարագներուն եւ տօնական օրերու աղօթքներն ու օրհնութիւնները հասցնելու հաւատացեալներու տուները: Այս երեւոյթը եւ ծրագրումը մասամբ կը փորձէ յագեցնել հոգիներու պապակը, այսուհանդերձ մեծ թիւով հաւատացեալներ փութով կը սպասեն վերադառնալ նախկին իրավիճակին` եկեղեցի յաճախել եւ եկեղեցւոյ սուրբ կամարներուն ներքեւ շարականներու եւ քուլայ քուլայ խունկերու խորհրդաւորութեան ներքեւ հաւաքաբար աղօթք եւ փառաբանանք բարձրացնել առ Աստուած եւ «հաղորդուիլ անցեալին հաց ու գինւով կենսառողջ»: Այո՛, իրաւացի է Վահան Թէքէեանի բառերով «Եկեղեցին հայկական հայ հոգիին եւ մարմնոյն զրահանդերձն է փայլուն» բանաստեղծութեան տողերը, որովհետեւ փաստ է, թէ դարեր շարունակ եկեղեցին մեր հոգեւոր մայրը դարձած է:
Սակայն այս դժբախտ իրականութեան ներքեւ (եկեղեցական արարողութիւնները առանց հաւատացեալներու կայացնելու առժամեայ դրութիւն) Լիբանանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ.վրդ. Գուճանեանի եւ Լիբանանի թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քահանայ Սարգիսեանի, կիրակի` Ծաղկազարդը օրը, գօտեպնդիչ քայլով մը խրախուսեց լիբանանահայութիւնը, երբ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագէն ետք ինքնաշարժով շրջեցաւ հայահոծ թաղամասերը` օրհնելով մեր ժողովուրդի զաւակները` անմեղ մանուկները, երիտասարդները, ծերունիները եւ մեր ընտանիքները: Ան ձիթենիի ոստեր եւ օրհնուած մաս բաշխեց բոլորին: Ի՜նչ յուզիչ էր տեսնել պատշգամներէն եւ շէնքերու մուտքերէն շատերու աչքերէն արտահոսող արցունքներն ու անոնց շրթներէն արտասանուող աղօթքները: Նմանօրինակ հոգեպարար երեւոյթ մըն ալ պարզուեցաւ նաեւ Այնճարի մէջ, երբ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քահանայ Աւետիսեան աղօթական նպատակով շրջեցաւ Այնճար հայաւանին մէջ եւ օրհնեց ժողովուրդը:
Ահա՛ հովիւ եւ ժողովուրդ յարաբերութեան գործնական արտայայտութիւն, ինչ որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետը իր «Եկեղեցին տանիլ ժողովուրդին» գիրքին մէջ գրած է եւ բազմիցս ըսած, որ «Անհրաժեշտ է եկեղեցին տանիլ ժողովուրդին, որովհետեւ եկեղեցին ժողովուրդն իսկ է»: Այսօր եկեղեցին նոր մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի` 21-րդ դարու համաշխարհայնացման եւ արհեստագիտական սրընթաց զարգացումներու լոյսին տակ: Իսկ վերջերս տարածուած «Քորոնա» համավարակը առաւել կը դժուարացնէ թէ՛ ժողովուրդին կեանքը, եւ թէ աշխարհական եւ եկեղեցական պատասխանատուներուն ընդունուած գործունէութիւնը: Հարկ է զգօն ըլլալ, մեր տուները եկեղեցիներու վերածել, համբերութեամբ զրահաւորուիլ, որպէսզի աշխարհի երկնակամարին վրայ տարածուած այս մութ ամպերը կարելի ըլլայ յաղթահարել` միշտ ի մտի ունենալով, որ խաւարին կը յաջորդէ արշալոյսը եւ «Աստուած իր գթառատ ողորմութեամբ իբրեւ Արեգակ երկինքէն պիտի ծագի մեր վրայ, եւ յայտնուի մեզի, որ խաւարի մէջ եւ մահուան շուքին տակ կը մնայինք, որպէսզի մեր ոտքերը դէպի խաղաղութեան ճամբան ուղղէ» (Ղուկաս 1.78-79):




