Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստանէն Հայաստան Պիտի Բերուի 120 Թոքերու Օդափոխման Սարք, 60 Հազար Քննիչ Մեքենայ

April 9, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետ, արտակարգ դրութեան պարէտ Տիգրան Աւինեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ Երեւանի օդակայանը վայրէջք պիտի կատարէ  պարէտատան նախաձեռնած յատուկ թռիչքով Չինաստանէն Հայաստան տեղափոխուող Հայաստանի պետական միջոցներու հաշուոյն  ձեռքբերուած, Չինաստանի պետական մարմիններու, ինչպէս նաեւ հայ եւ չինացի բարերարներու կողմէ նուիրաբերած բժշկական սարքաւորումներու խմբաքանակը` 120 հատ թոքերու արհեստական օդափոխման սարքեր, 2 թթուածինի մատակարարման կայան, 60.000 հատ քննիչ մեքենայ, 60.000 հատ բժշկական դիմակ, 280.000 հատ պաշտպանիչ դիմակ, 20.000 հատ պաշտպանիչ ակնոց, 100.000 հատ պաշտպանիչ արտահագուստ, ինչպէս նաեւ դեղեր:

Տուեալ թռիչքով Հայաստան պիտի հասնի նաեւ օրեր շարունակ Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը բնակող Հայաստանի Հանրապետութեան երկու քաղաքացիներ, որոնք 14-օրեայ մեկուսացման դրութիւն պիտի անցընեն:

Փոխվարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Չինաստանի կառավարութեան` թռիչքի իրականացման աջակցելու համար, ինչպէս նաեւ գործընթացին մէջ ներգրաւուած նախարարութիւններուն, թռիչքը կատարող օդաչուներուն եւ Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան:

Փոխվարչապետը նաեւ հրապարակեց լուսանկարներ, որոնց մէջ կ’երեւին արկղերու վրայ չինական կողմին կատարած գրութիւնը` «Մեր բարեկամութիւնը աւելի բարձր ըլլայ, քան Արարատ լեռը եւ աւելի երկար, քան Եանցզի գետը»:

Չինաստանի Նախագահը` Հայաստանի Նախագահին. «Պատրաստ Եմ Ջանքեր Գործադրելու Մեր Ժողովուրդներու Կեանքը Պաշտպանելու Համար»

Վերջերս Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը նամակ յղած էր Չինաստան նախագահին, որուն մէջ բարձր գնահատած էր «Քորոնա» ժահրի համավարակին դէմ պայքարին մէջ Չինաստանի արձանագրած  յառաջընթացը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ նախագահ Սի Ծինփինը պատասխան նամակին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սարգսեանին եւ համավարակին դէմ պայքարին մէջ Հայաստանին աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած:

«Չինաստանի կառավարութեան եւ Չինաստանի ժողովուրդին անունով անկեղծ աջակցութիւնս ու համերաշխութիւնս կը յայտնեմ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ու Հայաստանի ժողովուրդին, բոլոր հիւանդներուն կը մաղթեմ շուտափոյթ ապաքինում:

«Չինական կողմը վճռականօրէն կը պաշտպանէ «Քորոնա» ժահրին  դէմ պայքարին մէջ Հայաստանի ջանքերն ու պատրաստ է հետագայ աջակցութիւն ցուցաբերելու: Չինաստանն ու Հայաստանը բարեկամական գործընկերութիւն եւ համագործակցութիւն ունեցող երկիրներ են: Յատուկ ուշադրութիւն յատկացնելով երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման` պատրաստ եմ ձեզի հետ ջանքեր գործադրելու մեր երկու երկիրներու առողջապահական ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ամրապնդման համար` միասին պաշտպանելով մեր երկիրներու  ժողովուրդներու կեանքն ու առողջութիւնը», նշուեցաւ Սի Ծինփինի` նախագահ Արմէն Սարգսեանին ուղղուած նամակին մէջ:

Նախագահ Սարգսեան մտադիր է յառաջիկային շարունակել քննարկումները եւ երկխօսութիւնը Չինաստանի նախագահին հետ:

 

 

 

 

Նախորդը

Սկիզբ Առաւ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Եւ ՆԱՈՒՄ-ի` Հայաստանի Սահմանամերձ Համայնքներու Ընտանիքներուն Օժանդակելու Ծրագիրը

Յաջորդը

Յետքորոնական Աշխարհը Հսկուած Շուկայի Աշխարհն Է

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.