ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները, ՀՅԴ մարզային կառոյցներու հետ միասին սկսած են Հայաստանի սահմանամերձ համայնքներու ընկերային առումով անապահով ընտանիքներուն անհրաժեշտ օգնութիւն տրամադրելու ծրագիրի մը:
Այս առիթով ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան հազարաւոր բնակիչներուն բաժին հասած է ծանրագոյն փորձութիւններուն դիմագրաւելու ճակատագիրը: Ճգնաժամը կը բախէ բոլորիս դռները: Բազմաթիւ մարդիկ ամէն օր ստիպուած են լուծելու օրական հացի, ընտանիքի անդամներուն համար սնունդ ապահովելու կենսական խնդիրները: Այս մարդիկը օտարներ չեն` անոնք մեր հարազատներն են, բարեկամները, քոյրերն ու եղբայրները, բանուորներն ու զինուորները: Հայաստանի Հանրապետութեան ճակատագիրը խարսխուած է այս մարդոց ճակատագիրներուն:
Իւրաքանչիւր կազմակերպութեան եւ անհատի պարտքն է գիտակցիլ այս օրերուն հայ հասարակութեան եւ հայկական պետութիւններուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու լրջութիւնը եւ գործուն քայլեր ձեռնարկել, որոնք միտուած են իրավիճակի լուծման:
Օգնութեան տրամադրման ուղղութեամբ աշխատանքները արդէն սկսած են: Յաւելեալ մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին հետագային:



