Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնը կը պատրաստուի 225 միլիոն տոլարի յաւելեալ արտաքին օժանդակութիւն յատկացնել այլ երկիրներու` «Քորոնա» ժահրի համաճարակի դէմ պայքարին աջակցելու համար:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այդ մասին պաշտօնական յայտարարութիւն կատարելով յայտնած է, որ գումարը նախատեսուած է ախտորոշման, կանխարգիլման եւ վերահսկման, ինչպէս նաեւ ազգային առողջապահական համակարգերու ուժեղացման:
Ատիկա կրնայ նաեւ ծառայել պատրաստելու տարրալուծարաններ, որոնք պիտի զբաղին փորձարկումներով եւ բժշկական աշխատողներու վերապատրաստմամբ:
Այս որոշումով Միացեալ Նահանգներ համաճարակի կանխարգիլման դէմ պայքարի արտաքին օժանդակութեան ծաւալը պիտի հասցնէ գրեթէ մէկ միլիառ տոլարի:
Ուաշինկթըն նոյն ատեն յայտարարած է, որ նոր օժանդակութիւնը չի պարունակեր անձնական պաշտպանիչ սարքաւորումներու տրամադրումը, որովհետեւ կը շարունակուի ատոր մեծ պահանջարկը Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Որոշումին անմիջապէս արձագանգած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը, որ յայտարարած է, թէ կը սկսի զօրաշարժի` ամերիկեան նոր օժանդակութեան մէջ Հայաստանին յատկացուելիք բաժինը մեծցնելու ուղղութեամբ:
Յիշեցնենք, որ նախորդ օժանդակութեան ծիրին մէջ արդէն Հայաստանին յատկացուած էր մէկ միլիոն ամերիկեան տոլարէն աւելի գումար:



