Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 548-ի, Մահերունը` 19-ի, Իսկ Բուժուածները` 60-ի

April 8, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արտերկրի Լիբանանցիներու Պէյրութ Փոխադրութեան
Բ. Փուլը Եւս Յաջողութեամբ Ընթացաւ

«Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով լիբանանեան պետութիւնը երէկ շարունակեց նոյն ընթացքով:

Երթեւեկի նոր օրէնքներուն գործադրութեան առումով շօշափելի էր քաղաքացիներուն կողմէ ցուցաբերուած յաւելեալ լրջութիւնն ու յանձնառութիւնը:

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 548-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 7 նոր վարակուածներ: Ըստ նախարարութեան, երէկ մահուան պարագայ չէ արձանագրուած:

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին հրապարակած տեղեկագիրին համաձայն, հիւանդանոցի առողջական մեկուսարաններուն մէջ կը գտնուին 31 վարակուածներ, իսկ վարակումի 16 այլ պարագաներ այլ հիւանդանոցներէ հասած են Պէյրութի կառավարական հիւանդանոց:

Ըստ հիւանդանոցին հրապարակած տեղեկագիրին, 21 փետրուար 2020-էն ի վեր Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրէն բուժուած են 60 քաղաքացիներ:

Երեկոյեան ժամը 10:00-ին Սեն Ժորժ հիւանդանոցը յայտարարեց, որ իր մօտ արձանագրուած են 12 նոր վարակուածներ` աւելցնելով, որ Պշարրէի կառավարական հիւանդանոցէն իրենց դիմած են օժանդակելու համար «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւններով, եւ հիւանդանոցը ընդառաջած է:

Ըստ այդ քննութիւններուն արդիւնքներուն, արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 12 վարակուածներ:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ջանքերով երէկ գործադրուեցաւ արտերկրի լիբանանցիներուն Լիբանան փոխադրութեան Բ. փուլը:

Առաջին օդանաւը հասաւ Ֆրանսայէն, երեկոյեան ժամը 5:45-ին: Փարիզէն եկած օդանաւուն մէջ գտնուող 121 ճամբորդները ենթարկուեցան «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան եւ փոխադրուեցան «Լենքեսթըր փլազա» պանդոկ:

Արտերկրի լիբանանցիներուն դիմաւորումը եւ ապա պանդոկ փոխադրութիւնն ու սենեակներուն մէջ տեղաւորելու աշխատանքը ընթացաւ նոյն ձեւով եւ նոյն բծախնդրութեամբ:

Երեկոյեան շուրջ ժամը 8:00-ին Պէյրութ հասան Պոլիսէն եւ Մատրիտէն լիբանանցիներ փոխադրող օդանաւերը: Պոլիսէն հասած օդանաւուն մէջ կային աւելի քան 120 լիբանանցիներ, իսկ Մատրիտէն` 109 քաղաքացիներ:

Կը նախատեսուէր, որ ուշ գիշերին` ժամը 11:30-ին Լիբանան հասնի նաեւ Քինշասայի օդանաւը, որուն մէջ կային 127 լիբանանցիներ:

Լիբանան հասնող բոլոր քաղաքացիները ենթարկուեցան «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման բժշկական քննութեան:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար երեկոյեան ժամը 6:00-ին ուղղուեցան Պէյրութի միջազգային օդակայան` հսկելու համար արտերկրի լիբանանցիները դիմաւորելու եւ զանոնք պէտք եղած քննութիւններուն ենթարկելու աշխատանքներուն:

Հասան յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցիները դիմաւորելու առումով գործադրուեցան այն դասաւորումները, որոնք կատարուած էին կիրակի օր: «Անշուշտ դիմաւորելու հոլովոյթը շատ աւելի հեզասահ էր` նկատի ունենալով կիրակի օրուան փորձառութիւնը, յատկապէս` քաղաքացիներուն միջեւ հեռաւորութիւնը պահելու առումով:

Հասան ընդգծեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ որդեգրուած դասաւորումները համաշխարհային են եւ օրինակելի:

«Այս բոլորը կը փաստեն, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը միասնականութեամբ կը գործէ եւ ճիգ չի խնայեր, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը նուազի: Պէտք է ի մտի ունենալ, որ ամբողջ աշխարհին մէջ «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւն կը կատարուի միայն անոնց համար, որոնք «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալու ախտանիշներ ցոյց կու տան: Սակայն Լիբանանի մէջ, նկատի ունենալով տիրող արտակարգ պայմանները, մենք բոլորը կ’ենթարկենք «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ երէկ արձանագրուած է վարակուած պարագայ մը այն օդանաւին մէջ, որ Լիբանան փոխադրած է նաւթի մարզին մէջ գործող պաշտօնեաները:

Հասան ընդգծեց, որ ոեւէ ճամբորդ, որուն «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան արդիւնքը դրական է, պիտի ուղղուի Պէյրութի կառավարական հիւանդանոց, իսկ այդ օդանաւին վրայ գտնուող բոլոր ճամբորդները ստիպուած 14 օրուան բնակարանային մեկուսացման պէտք է եթարկուին:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումին կանխարգիլման իմաստով պետութիւնը ամէն իմաստով կազմ ու պատրաստ է եւ այդպէս ալ պիտի շարունակէ գործել:

Միւս կողմէ, Հասան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կրցած է հակակշիռի տակ առնել «Քորոնա» ժահրին տարածումը եւ կը նկատուի այն երկիրներուն շարքին, որոնք կրցած են տապալել «Քորոնա» համաճարակը:

Ան նշեց, որ 20 ապրիլէն ետք Լիբանանը պիտի չըլլայ այն, ինչ որ է այսօր: «Մեր ապագան փայլուն է, եւ կը խոստանամ, որ մօտիկ ապագային պիտի կարենանք յաղթանակ արձանագրել,  եւ Չինաստանէն ետք Լիբանանը պիտի ըլլայ երկրորդ երկիրը, որ յաղթական դուրս պիտի գայ` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարէն», ըսաւ ան:

Հասան շեշտեց, որ այս բոլորը չեն նշանակեր, թէ պէտք է վերջ տալ բնակարանային մեկուսացման եւ կառչած չմնալ ընդհանուր զօրաշարժին: «Յառաջիկայ 9 օրերուն լիբանանցիներուն կողմէ ընդհանուր զօրաշարժին յանձնառութիւնը առիթ պիտի տայ, որ յաղթենք այս համաճարակին», ըսաւ ան:

Նշենք նաեւ, որ Համատ Հասան երէկ առողջապահութեան նախարարութեան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ խումբ մը կամաւորներու հետ, որոնք հետեւեցան բնակարանային մեկուսացման վարժանիստի մը` օժանդակելու համար տարեցներուն եւ անոնց, որոնք արհեստագիտութեան միջոցներուն ծանօթ չեն եւ զանոնք օգտագործել չեն գիտեր:

Նախարար Հասան բարձր գնահատեց կամաւորներուն աշխատանքն ու պատրաստակամութիւնը` ծառայելու ժողովուրդին: Ան նշեց, որ այս իրականութիւնը կը դրսեւորէ լիբանանցիներուն միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ կ’ընդգծէ քաղաքացիական ընկերութեան ճիգերուն կարեւորութիւնը, որ կ’ամբողջացնէ լիբանանեան պետութեան եւ տարբեր նախարարութիւններուն տարած աշխատանքը:

Իր կարգին Նաժժար նկատել տուաւ, որ արտերկրի լիբանանցիներուն Լիբանան փոխադրութիւնը հեզասահ կերպով ընթացած է իր Ա. փուլին մէջ, եւ աշխատանքը գնահատուած է իբրեւ լաւ:

Ան նկատել տուաւ, որ ինք ստուգած է օդակայանին մէջ որդեգրուած դասաւորումներն ու գումակային կարգաւորումը` ընդգծելով, որ նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը բացառիկ է:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` զգուշանալու եւ հսկելու իրենց անձնական առողջութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ վարակուածներուն թիւը հակակշիռի տակ պահել:

Նաժժար ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` պաշտպանելու համար լիբանանեան ընկերութիւնը:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի յայտնեց, որ «Ուալիտ պըն Թալալ» բարեսիրական միութեան փոխնախագահ Լէյլա Սոլհ-Համատէի յայտարարած այն երեք թռիչքները, որոնք յատկացուած պիտի ըլլան Ֆրանսայէն, Իտալիայէն եւ Սպանիայէն ուսանողներ փոխադրելու, պիտի կատարուին յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին: Ան աւելցուց, որ ադ երկիրներուն մէջ գտնուող լիբանանեան դեսպանատուները այդ իմաստով համապատասխան աշխատանք կը կատարեն:

Առողջապահութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ այնքան ատեն որ «Քորոնա» համաճարակին սպառնալիքը գոյութիւն ունի, պէտք է զգուշանալ եւ ընդհանուր զօրաշարժը վերանորոգել:

Արաժի նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւնները պէտք է աւելնան` նկատել տալով, որ ինք այս իմաստով մօտիկ ապագային հանդիպում մը պիտի ունենայ առողջապահութեան նախարարին հետ:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Աքրի Եւ Սալամէի Հետ Քննարկեց Քաղաքական, Ապահովական Եւ Տնտեսական Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Արցախի Նախագահական Ընտրութիւններուն Երկրորդ Փուլը` 14 Ապրիլին. Ճշդուեցաւ Նորընտիր Պատգամաւորներուն Թուային Պատկերը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.