Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Ընտրութիւնները Չճանչցող Երկիրները Կը Դաւաճանեն Ժողովրդավարական Արժէքներուն Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդ

April 4, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը 3 ապրիլին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ 31 մարտ 2020ին Արցախի Հանրապետութեան մէջ կայացած նախագահական (վեցերորդ) եւ խորհրդարանական (եօթներորդ) ընտրութիւններուն, որոնց, ըստ  Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին, մասնակցեցաւ Արցախի 105.540 իրաւասու ընտրողներուն 72,7 տոկոսը (76.728 ընտրող):

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ դժբախտաբար, շարք մը պետութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ, միանալով Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մենատիրական վարչակարգերուն, արձագանգեցին` հրաժարելով տեղի ունեցածը ճանչնալէ, իսկ որոշ պարագաներու նոյնիսկ դատապարտելով այդ ընտրութիւնները: Միւսները զերծ մնացին ուղղակի քննադատութենէ` պատճառաբանելով, որ անոնք կը հրաժարին այս նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու օրինական շրջանակը ճանչնալէ` մէջբերելով ԵԱՀԿ Մինսքի գործընթացը:

«Մենք կը յիշենք բոլոր անոնք, որոնք հանդէս կու գան նման անպատասխանատու քննադատութեամբ, որ` 1992-ի մարտի 24-ի ԵԱՀԿ/ԵԽԽ-ի նախնական որոշումը, որ հիմք կը հանդիսանայ Մինսքի գործընթացին, ուղղակիօրէն կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) «ընտրուած ներկայացուցիչներուն»` որպէս խաղաղութեան գործընթացին մասնակից: Անշուշտ կ՛ըսուի, որ «ընտրուած ներկայացուցիչներ» ունենալու համար անհրաժեշտ է կայացնել ընտրութիւններ, ինչ որ կը նշանակէ, որ արցախեան այս ընտրութիւնները կը հակասեն ոչ թէ ԵԱՀԿ-ին, այլ  լիովին համահունչ են ԵԱՀԿ-ի հիմնարար համաձայնագիրներուն, որոնց հիմներուն մէջ կայ Մինսքի խումբի գործընթացը:

«Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը, համագործակցելով աշխարհին մէջ գործող գործընկեր կազմակերպութիւններու հետ, կը շարունակէ ջանքեր գործադրել Արցախի ժողովուրդին եւ Արցախի Հանրապետութեան (Լեռնային Ղարաբաղ) ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ: Մենք կ՛ակնկալենք, եւ, ըստ էութեան, մենք կը պահանջենք, որ պետութիւնները եւ միջազգային կազմակերպութիւնները, որոնք կը պնդեն, որ նուիրուած են մարդու իրաւունքներուն, արդարութեան եւ խաղաղութեան, զերծ մնան արցախցիներուն ինքնորոշման վերաբերող իրաւունքներու եւ ազատութիւններու իրականացման խոչընդոտող որեւէ գործողութենէ: Միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է աջակցիլ Արցախին` ազատ եւ արդար ընտրութիւններու միջոցով արտայայտելու իր բնակչութեան կամքը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

Հերքուեցաւ Հայկական Ուժերուն Կողմէ Ազրպէյճանի Ուղղութեամբ Կրակ Բանալու Ապատեղեկատուութիւնը

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա»-ով Վարակուածներու 73 Նոր Պարագայ` Մէկ Օրուան Ընթացքին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.