Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Թագուհի Զապէլի Հետքերով

March 30, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. Պ.

Կիլիկիոյ Հայոց Զապէլ թագուհին (1215-1222)

Պսակաձեւ ժահրը տնարգելութեան դատապարտած է մեծ ու պզտիկ: Կեանքին հետեւելու համար կա՛մ պէտք է պատուհանէն դիտել գարունը, որ կը հասնի քանի մը կանաչ տերեւներով, կամ կէս քուն վիճակով զաբբինկ ընել եւ հետեւիլ ընդարմացնող հեռատեսիլին:

          Կը խօսին պսակաձեւ ժահրին մասին, գիտական մկրտութեամբ՝ «Քովիտ-19»-ի: Ես ալ, շատերու պէս, վարակներու գիտուն դարձայ, հեռատեսիլի առջեւէն չհեռացողներուն պէս:

          Ինչպէ՞ս պայքարիլ հիւլէական կամ միջուկային զէնքէն աւելի հզօր եւ փառասիրութիւնները ծունկի բերած թագակիր ժահրին դէմ:

          Այսօր, Հայաստանի հեռատեսիլի հաղորդումներէն հատուած մը դիտեցի, մտահոգիչ եւ կրկնութիւն դարձած լուրերէն եւ պատկերներէն բոլորովին այլ մոլորակ փոխադրուեցայ: Հայոց Զապէլ թագուհիին մասին բանաստեղծութեան նմանող գեղեցիկ եւ յուզիչ պատկերներ, որոնք զիս մղեցին մտածելու ազգի գոյատեւման հիմնահարցին մասին՝ անհատներու բարօրութենէն անդին:

          Ընթացիկէն տարբեր պատգամ մը բերաւ Հայոց թագուհին: Այժմէական: Ազգային գաղափարախօսութիւն:

          Բացի քանի մը մասնագէտներէ, ո՞վ կը յիշէ եւ կը ճանչնայ հայոց Կիլիկիոյ թագաւորութեան Զապէլ թագուհին: Այն քիչը, զոր լսեցի, զիս մղեց բաղդատութիւններ ընելու մեր ներկային հետ: Մեր ժամանակակիցներէն այնքա՜ն տարբեր եղած է ԺԳ. դարուն ապրած այդ Թագուհի Հայ Կինը:

          Ի՞նչ գիտենք իր մասին: Զապէլ թագուհին ծնած է Կիլիկիոյ Սիս քաղաքը, 1215-ին: Թուրքերը Սիսը այժմ կոչած են Քոզան: 1222-ին կը բարձրանայ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան գահը՝ ունենալով խնամակալ մը: Մեռած է 1252-ին եւ թաղուած է իր հիմնած այժմ կործանած Դրազարկ վանքը: Այս պատմութիւն է:

          Այս կինը եղած է օրինակելի հայուհի, նուիրուած է գիրի, գիրքի, արուեստի, մշակոյթի, եւ հանրային շինարարութեան: Ունեցած է հանրային ծառայութեան բարձր գիտակցութիւն, հիմնած է հիւանդանոց եւ վանք: Ունեցած  է ութը զաւակ:

          Ութը հարիւր տարի առաջ, հայոց Զապէլ թագուհին ներիմացական հզօր հասկացողութիւն ունեցած է ինչ կը վերաբերի ազգի գոյատեւման եւ ինքնութեան: Համալսարաններէ սաւանանման վկայականներ չունէր, տեսութիւններ չէ մշակած, բայց ըրած է այն, զոր մենք չենք ըներ: Գիտակցած է, որ ժողովուրդի մը վերապրումը կ’առնչուի մշակութային անկախութեան, որուն համար պէտք է պայքարիլ: Իր իշխանութիւնը չէ օգտագործած հեռուի եւ մօտի մարդիկը շլացնելու համար:

          Գիր, գիրք, լեզու, արուեստ, մշակոյթ եւ հանրային ըմբռնում:

          Հեռատեսիլի հաղորդումը ցոյց տուաւ թագուհի Զապէլի անհուն սէրը եւ պաշտամունքը գիրի եւ գիրքի հանդէպ, որ ազգային-պետական ըմբռնումով իրաւ քաղաքականութիւն է: Խաչակիրներու, Բիւզանդիոնի, արաբներու, թուրքերու բախման դաշտին վրայ, հայկական պետութիւնը եւ հայ ժողովուրդը, տոկալու եւ տեւելու համար պէտք ունէին մշակութային անկախութեան:

          Հայոց թագուհին այսօր օրինա՞կ է հայ կիներուն: Նաեւ՝ այրերուն:

          Քանի մը օր առաջ բարեկամ մը իմացուց, որ հայ մարդու մը գրադարանը կրնամ առնել եւ տուն փոխադրել: Ենթակային անունը չտուին: Բայց մտածեցի, որ այդ մարդը իր գիրքերուն տէր ըլլալու համար զաւակ չունէ՞ր, աղջիկ կամ հարս չունէ՞ր, որոնք Զապէլ թագուհիին սէրը ժառանգած ըլլային:

          Առանց հայ գիրին եւ գիրքին ինչպէ՞ս հայաստանասէր եւ հայասէր կրնանք ըլլալ:

          Լաւ է որբերու եւ տնտեսապէս դժուար պայմաններու մէջ ապրողներուն օգնել: Այս բարեսիրութիւն է: Ֆրանսա կան բարեսիրական կազմակերպութիւններ, որոնք Ափրիկէի հեռաւոր մէկ անկիւնը ջրհոր փորելու եւ թշուառներուն ջուր մատակարարելու համար դրամական օգնութիւն կ’ընեն: Անոնց ինքնութեան եւ մշակութային անկախութեան մտահոգութիւնը չունին:

          Այսօր, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), հայ կիներու ո՞ր տոկոսը Զապէլ թագուհիին գիտակցութեամբ կը փարի հայ գիրին եւ գիրքին: Ի հարկէ, պէտք չէ ուրանալ, կան յարգելի փոքրամասնութիւններ: Բայց կայ մեծամասնութիւն մը, որ տարուած է ժամանակակից սպառողական ընկերութեան ընձեռած դիւրութիւններով եւ նորոյթներով՝ սկսելով գեղագիտական վիրաբուժութեան մոլուցքէն, հասնելու համար այֆոնական գերութեան, եւ դեռ կարելի է շարունակել… եւ հասնիլ կլկլակ:

           Խօսիլ Զապէլ թագուհիի օրինակի մասին:

          Երբեմն կը յիշեմ նախակրթարանի հայերէնի ուսուցչիս ուղղագրութեան դասը, երբ ան կը թելադրէր էջ մը, զոր չեմ յաջողած գտնել: Էջը կ’ըսէր. «Ո՜վ հայ մայր, քո մանկիկի լեզուաշէնքին ճարտարապետը դուն ես…»: Ի հարկէ՝  հայերէնի լեզուաշէնքին:

          Զապէլ թագուհի եւ ուղղագրութեան դասի հայերէնի լեզուաշէնքի ճարտարապետ մայրը՝ մշակութային անկախութեան եւ հայու ինքնութեան երաշխիք…

          Մի՛շտ՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ). կը պահե՞նք աւանդը:

          Ինչո՞ւ Հայաստանի հեռատեսիլի հաղորդման մէջ երեւցող մատեաններ շալկած Զապէլ թագուհիին դիմանկարը չդնել դպրոցներու եւ մշակութային կեդրոններու մէջ:

 

27 մարտ 2020

Նախորդը

Անդրադարձ. Պատմական Քարտէսները Կ՛անհանգստացնեն Եւ Շփոթի Կը Մատնեն Ազրպէյճանը

Յաջորդը

Համաճարակուածները

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.