Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 177-ի. Բուժուած Են 2 Այլ Պարագաներ

March 21, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Աուն Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլոր Քաղաքացիներուն` Մնալու Իրենց Բնակարաններուն Մէջ Եւ Դուրս Ելլելու Միայն Անհրաժեշտութեան Պարագային

«Քորոնա» ժահրին ազդեցութիւնը տակաւին կը շարունակէ մեծապէս զգալի ըլլալ Լիբանանի մէջ: Անոր առնչուող տուեալներն ու մանրամասնութիւնները իրենց վրայ կը գրաւեն բոլորին ուշադրութիւնը:

Նկատի ունենալով, թէ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին մէջ երէկ «Քորոնա» ժահրով 14 վարակուածներ արձանագրուած են, այդպիսով Լիբանանի մէջ վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 177-ի, այլ խօսքով` մէկ օրուան մէջ վարակուածներուն թիւը 25-ով բարձրացաւ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, իր կարգին, կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքացիներուն` մնալու տունը եւ պտոյտներ չկազմակերպելու, իսկ բնակարանէն դուրս գալու միա՛յն անհրաժեշտութեան պարագային:

Նախագահ Աուն քաղաքապետարաններէն եւ ապահովութեան ուժերէն պահանջեց յաւելեալ խստութեամբ գործադրել ընդհանուր զօրաշարժի որոշումը` կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրի տարածումը: «Բնակարանային ինքնամեկուսացումին գործադրութեան նկատմամբ մեր նախանձախնդրութիւնը պիտի պաշտպանէ մեր սիրելիներն ու ընտանիքները, թեթեւ վերաբերում մի՛ ցուցաբերէք անոր նկատմամբ», հաստատեց նախագահ Աուն:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ նախագահեց «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու լիբանանեան ազգային շտապի նիստին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ այս փուլին ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնել «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հակակշիռի տակ պահելու:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը հետեւին շտապին աշխատանքներուն, բոլորին հետ կը գործակցին ու կը համադրեն բոլորին գործունէութիւնը:

Տիապ յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իտալիոյ իշխանութիւններուն հետ մնայուն կապի մէջ է` հոն ապրող լիբանանցի ուսանողներուն կացութեան հետեւելու նպատակով:

Նիստին ընթացքին Լիբանանի մէջ գործող տարբեր երկիրներու դեսպանատուներէն ներկայացուցիչներ զեկուցեցին իրենց երկիրներուն կողմէ Լիբանանին մատուցուած օժանդակութիւններուն մասին:

Իրենց կարգին առողջապահութեան, ընկերային հարցերու, տնտեսութեան եւ առեւտուրի, պաշտպանութեան, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարները ներկայացուցին իրենց մարզերուն դիմագրաւած դժուարութիւններն ու երկրին կացութիւնը կայուն պահելու իմաստով կատարուող աշխատանքին մանրամասնութիւնները:

Վարչապետ Տիապ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Դրամատուներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրի: Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ, որ դրամատուները 6 միլիոն տոլար յատկացնեն ապահովելու համար 120 շնչառական սարքեր, որոնք կ՛օգտագործուին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու բուժման նպատակով: Այդ սարքերը պիտի տրամադրուին լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ գործող կառավարական հիւանդանոցներու:

Լիբանանեան բանակը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքացիներուն` գիտակից եւ պատասխանատու կեցուածք ցուցաբերելու տիրող կացութեան հանդէպ, ինչպէս նաեւ բնակարանային ինքնամեկուսացման յանձնառու մնալու` «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ որդեգրուած նախազգուշութիւններու շրջագիծին մէջ:

Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով, երէկ կէսօրին Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 163-ի: Նախարարութեան հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ նախարարութիւնը կը հետեւի վարակուած պարագաներուն վարակումի աղբիւրին` հետապնդելով այդ շրջաններուն կամ անոր անմիջական միջավայրին մէջ գտնուող այլ վարակուածներ: Նոյն հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ նաեւ նախարարութեան նախազգուշական միջոցներուն հետեւելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս բնակարաններուն մէջ մնալու եւ միայն շատ կարեւոր պարագայի դուրս գալու:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ առաւօտեան հանդիպում մը ունեցաւ առողջապահութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժիի հետ: Անկէ ետք կայացած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին Հասան շեշտեց, որ նախանցեալ օր Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով բոլոր վարակուածները աշխարհագրական նոյն շրջանին մէջ գտնուած են: Ան յայտնեց, որ լիբանանցիներուն 90 առ հարիւրը յանձնառու է բնակարանային ինքնամեկուսացումին:

Հասան նշեց, որ նախարարութիւնը կը գործէ յստակ ծրագիրով` աւելցնելով, որ լիբանանեան հանրային կարծիքին կը ներկայանան քաղաքական, օրէնսդրական եւ գործադիր իշխանութիւններուն հետ գործակցելով: «Մենք համաշխարհային համաճարակի դէմ կը պայքարինք, ինչ որ կ՛ենթադրէ լիբանանցիներուն ամբողջական գործակցութիւնն ու ընդառաջումը առողջապահութեան նախարարութեան կոչերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ ծրագիրը կատարելապէս գործադրել», ըսաւ ան:

Նախարարը շեշտեց, որ այդ ծրագիրը յանձնուած է երեսփոխաններուն` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը անոր երրորդ փուլին մէջ կը գտնուի: «Սակայն անծանօթ աղբիւրներէ վեց վարակուածներու պարագան մեզ կը մղէ պատրաստուելու չորրորդ փուլին», դիտել տուաւ ան` յոյս յայտնելով, որ Լիբանան հոն չհասնի` շեշտելով, որ այն ատեն լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է զօրակոչի ենթարկելու: Ան ըսաւ, որ ընդհանուր զօրաշարժն ու առողջապահական արտակարգ իրավիճակը կ՛ենթադրեն, որ ժողովները բարձրագոյն մակարդակի վրայ ըլլան, որպէսզի քաղաքացին ապահով զգայ:

Հասան հաստատեց պետութիւն-լիբանանեան ընկերութիւն սերտ գործակցութեան կարեւորութիւնը` դիմագրաւելու համար «Քորոնա»-ի համաճարակը: Ան նշեց, որ Միջազգային դրամատունը 130 միլիոն տոլար յատկացուցած է առողջապահութեան նախարարութեան, իսկ պաշտպանութեան նախարարութիւնը` 20 միլիոն տոլար` կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը:

Իր կարգին, Արաժի շեշտեց, որ նախարար Հասանի հետ կառավարական հիւանդանոցներու ծրագիր մշակուած է, որպէսզի լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներ կարելի ըլլայ ընդունիլ:

Արաժի յայտնեց, որ ներկայիս 12 կառավարական հիւանդանոցներ պատրաստ են վարակուածները ընդունելու` աւելցնելով, որ անոնք կը գործեն լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ: Ան նշեց, որ իրենք այդ հիւանդանոցներուն թիւը պիտի բարձրացնեն 29-ի:

Արաժի իր կարգին յոյս յայտնեց, որ «Քորոնա» համաճարակը չորրորդ փուլ չհասնի, որովհետեւ այն ատեն կարելի պիտի չըլլայ վարակուածներուն թիւը հակակշիռի տակ պահել, եւ պիտի դիմուի անձնական հիւանդանոցներու, որոնցմէ 10-ն այսօր պատրաստակամութիւն յայտնեց «Քորոնա» ժահրով վարակուածներ ընդունելու:

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը յայտնեց, որ իր մօտ գտնուող «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 56 է, իսկ 7 այլ պարագաներ, որոնք կը սպասեն իրենց բժշկական քննութեան արդիւնքին, կը մնան հիւանդանոցի առողջական մեկուսարաններու մէջ:

Հիւանդանոցին կողմէ հաստատուեցաւ, որ իր մօտ գտնուող բոլոր պարագաներու վիճակը կայուն է, բացի երկու անձերէ, որոնք առողջական խոցելի վիճակ ունին: Նշուեցաւ, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 2 պարագաներ արդէն իսկ բուժուած են` աւելցնելով, որ ցարդ Լիբանանի մէջ բուժուած են 5 պարագաներ:

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Ֆատլօ Խուրի երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուց, որ նուազ քան տասը օրուան ընթացքին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը պատրաստած է կեդրոն մը, ուր կարելի է աշխատաճանաչում կատարել «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն: Ան նշեց, որ թիւ 56 շէնքը «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու կեդրոնին վերածելը անհրաժեշտութիւն էր` միասնաբար դիմագրաւելու համար «Քորոնա»-ի համաճարակը:

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ 500 մեկապայթ անվճար համացանց պիտի տրամադրէ «Թաչ» եւ «Ալֆա» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու բոլոր բաժանորդներուն:

Նախարարութիւնը հաստատեց, որ այդ նուէրը ի զօրու պիտի ըլլայ այսօրուընէ` Մայրերու տօնի օրէն, եւ կ՛աւարտի իւրաքանչիւրի բաժանորդի վճարման օրուան ընթացքին:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ դիմեց բոլոր նահանգապետերուն` անոնցմէ պահանջելով կատարել կարգ մը դասաւորումներ, որոնց հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ առողջապահութեան նախարարութեան հրահանգները գործադրել` «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով:

Ֆահմի պահանջեց նահանգապետերէն քաղաքապետարաններու մակարդակի աշխատանքային փոքր խումբեր կազմել եւ քաղաքացիներուն հետ կապի մէջ մնալ` նախազգուշական միջոցներն ու բնակարանային ինքնամեկուսացումի պայմանները գործադրելու հսկողութեան համար: Ան նաեւ կարեւոր նկատեց, որ քաղաքապետարանները գործակցին Լիբանանեան կարմիր խաչին հետ եւ քաղաքապետարանի շէնքերն ու իրենց շրջանի աղօթավայրերը հականեխեն, ինչպէս նաեւ առողջական մեկուսարաններու կարելիութիւն ունեցող կեդրոններ պատրաստեն` անհրաժեշտութեան պարագային օգտագործելու:

Աշխատանքի նախարար Լամա Եամմին երէկ յայտնեց, որ բժշկական մարզին մէջ գործող բոլոր պաշտօնեաները աշխատանքի օրէնքով պէտք է վճարուին իրենց աշխատանքային ժամերուն համար: Ան նշեց, որ, հիւանդանոցներուն կողմէ հիւանդապահները աշխատանքի մէջ պահելու եւ հիւանդանոցներուն մէջ մեկուսացնելու որոշումին համաձայն, հիւանդանոցներուն սեփականատէրերը պէտք է վճարեն անոնց աշխատանքային եւ մեկուսացման բոլոր ժամերուն փոխարէն:

Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը հաւատայ, թէ լիբանանցիները միասնաբար գործակցելով կրնան յաղթել «Քորոնա» համաճարակին:

Գաղթականութեան հարցերու նախարար Ղատա Շրայմ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրը հայրենիքի բոլոր զաւակները կը հարուածէ, առանց պատկանելիութիւն նկատի ունենալու, «հետեւաբար հիմնական մարտահրաւէրը անոր դէմ պայքարիլն է` վստահելով առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներուն եւ հեռու մնալով նեղ հաշիւներէ, որոնք բոլորին վնաս կը հասցնեն», շեշտեց ան:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրը առանձին չի շրջիր` աւելցնելով, որ մարդ արարածն է, որ զայն տեղէ տեղ կը փոխադրէ: «Հետեւաբար պէտք է մնալ բնակարաններուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ յաղթել անոր եւ անոր պարտադրած պայքարին», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է կրակմար յայտարարէ, որպէսզի փողոցներուն մէջ մնան միայն անոնք, որոնք աշխատանք ունին ընելիք` բժշկական անձնակազմերն ու սննդամթերք գնողները: «Այլապէս «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը պիտի բազմապատկուի, եւ մեծ թիւով քաղաքացիներ պիտի մահանան», ըսաւ ան: Ժեմայէլ անհրաժեշտ նկատեց, որ հականեխող նիւթերը առանց տուրքերու վաճառուին, հանրային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող ինքնաշարժներն ու փոխադրակառքերը մեքանիքի տուրքերէն զանց կացուցել:

Ան նշեց, որ կրթութեան նախարարութիւնը սեփական դպրոցներուն եւ համալսարաններուն պէտք է օժանդակէ, որպէսզի անոնք կարենան կրթաթոշակներուն գանձումը յետաձգել` վճարելով հանդերձ ուսուցիչներուն ամսական աշխատավարձը` լրիւ, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութենէն պահանջեց համացանցի եւ բջիջային հեռաձայններու ծախսը 50 առ հարիւրով նուազեցնել, որպէսզի աշակերտները, ուսանողներն ու պաշտօնեաները իրենց բնակարաններէն կարենան աշխատիլ:

Դրամատուներու միութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ ընդհանուր զօրաշարժի ընթացքին շաբաթ օրերը դրամատունը փակ պահելու առումով Կեդրոնական դրամատան տուած որոշումին լոյսին տակ, ինք եւս որոշած է շաբաթ օրերը դրամատուները փակ պահել` մինչեւ 29 մարտ 2020, համաձայն կառավարութեան որոշումին:

 

 

 

Նախորդը

Ամեր Ֆախուրիի Հարցով Հըթթի Բացատրութիւն Պահանջեց Դեսպան Շիայէն

Յաջորդը

Նախկին Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Գրասենեակը Հրապարակած Է Յայտարարութիւն Մը

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.