«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը երէկ այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` զեկուցելու համար տագնապի յաղթահարման եւ այս պայմաններուն մէջ լիբանանահայութեան անհրաժեշտ օժանդակութիւնները կազմակերպելու աշխատանքային ծրագիրին մասին: Շտապի անդամները շեշտեցին, որ կազմակերպման եւ գործնապէս օգնելու ծրագիրը կը վերաբերի ամբողջ լիբանանահայութեան եւ կ՛առաջադրէ հասնիլ իւրաքանչիւր հայ անհատի, որ անհրաժեշտ օժանդակութեան պէտք ունի:
Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց այս պայմաններուն մէջ կատարուած նախաձեռնութիւնը, յատկապէս համայն լիբանանահայութեան եւ բոլոր խաւերուն ուղղուած ըլլալու առաջադրանքը:
Ապա, Շտապը այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ տեսակցեցաւ Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. հոգեւոր տիրոջ հետ` ներկայութեամբ Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի:
Հոգեւոր տէրը, իմանալէ ետք Շտապի կազմութեան նպատակին մասին, իր հերթին զօրակցութիւն յայտնեց նախաձեռնուած աշխատանքներուն` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է զուգահեռ շարունակել օժանդակութեան աշխատանքները` լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն:



