Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակի Բարձրագոյն Կէտը Յաղթահարուած Է

March 13, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չինաստանի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի տարածման բարձրագոյն կէտը արդէն անցած է: Այս մասին երէկ յայտարարեց Չինաստանի առողջապահութեան հարցերու պետական յանձնախումբի բանբեր Մի Ֆեն:

«Մեր երկրին մէջ նոր տիպի «Քորոնա» ժահրի տարածման բարձրագոյն կէտը արդէն անցած է, հիւանդանալու նոր դէպքերու թիւը աւելի եւ աւելի կը նուազի», հաղորդեց Մի Ֆեն:

Յանձնախումբի բանբերը նաեւ նշեց. «Չինաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ, բացի Հոպէյի նահանգէն, շաբթուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրի յարուցած հիւանդութիւններու նոր դէպքեր չեն յայտնաբերուած»:

«Համաճարակային կացութիւնը ընդհանուր առմամբ կը պահպանուի համեմատաբար ցած մակարդակի վրայ», աւելցուց Մի Ֆեն:

Նշենք, որ Չինաստանի իշխանութիւնները երէկ յայտարարեցին, որ «Քորոնա»-ի զոհերուն թիւը բարձրացած է 3169-ի, իսկ վարակուածներուն թիւը` 80793-ի:

Մոնթենեկրոյի Հանրային առողջապահութեան հիմնարկի համաճարակաբան Իկոր Կալիչ յայտարարեց, որ Մոնթենեկրոն Եւրոպայի միակ երկիրն է, ուր առայժմ «Քորոնա» ժահրով վարակման ոչ մէկ դէպք արձանագրուած է, սակայն աւելցուցած է, որ ներկայիս բժիշկներու հսկողութեան տակ կը գտնուի 392 մարդ:

Իրան «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար Միջազգային դրամական ֆոնտէն 5 միլիառ տոլար խնդրեց: Մինչ այդ, Իրանի մէջ ժահրէն մահացողներուն թիւը բարձրացաւ 429-ի, իսկ վարակուածներուն թիւը` 10075-ի: Իրաքի մէջ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 8-ի, իսկ վարակուածներունը` 79-ի:

Նորվեկիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրէն վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 637-ի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ` 85-ի, Իսրայէլի մէջ` 100-ի, Թայլանտի մէջ` 11-ի:

Աւստրիոյ եւ Յունաստանի մէջ արձանագրուեցան առաջին մահերը: Սպանիոյ մէջ մահացողներուն թիւը բարձրացաւ 84-ի: «Քորոնա» ժահրով վարակուեցաւ Սպանիոյ հաւասարութեան հարցերու նախարարուհին, իսկ փոխվարչապետը առնուեցաւ առողջապահական մեկուսարանի մէջ:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան հիմնարկ մը յառաջիկայ օրերուն պիտի յայտարարէ, թէ «Քորոնա» ժահրի պատուաստ մը պատրաստած է:

Նախորդը

Փութին-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. Այսօր Անգարայի Մէջ Կը Շարունակուին Իտլիպի Հարցով Ռուսիա-Թուրքիա Բանակցութիւնները

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Կատարուեցան Միայն Չորս Մրցումներ. Յաջորդող Օրերուն Կատարուելիք Բոլոր Մրցումները Յետաձգուեցան

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.