Ճափոնի կառավարութիւնը երբեք չի ծրագրեր Թոքիօ-2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերը յետաձգել «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Այս ուղղութեամբ պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարեց խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի գլխաւոր պատասխանատու, նախարար Սէյքօ Հաշիմոթօ:
«Չորս տարին անգամ մը կատարուելիք մարզական այս կարեւոր իրադարձութեան յետաձգումը կամ աւելի առաջ երթալով անոր ջնջումը անհաւանական եւ նոյնիսկ անընդունելի է: Մարզիկները կը շարունակեն մեծ թափով պատրաստուիլ անոր», ըսաւ կին նախարարը:
Ողիմպիական խաղերուն բացման հանդիսութիւնը նախատեսուած է կատարել 24 յուլիսին:



