Հաշուի առնելով «Քորոնա» ժահրի համաճարակային իրավիճակը` ժամանակաւորապէս դադրած է «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Իրանի կառավարութեան միջեւ քաղաքացիներու առանց մուտքի արտօնագիրի այցելութիւններու մասին» յուշագիրը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը միաժամանակ կը տեղեկացնէ, որ Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը կ՛աշխատի արտակարգ դրութեամբ, ուստի ժամանակաւորապէս դադրեցուած է հիւպատոսական ընդունելութեան մատուցումը, եւ Իրանէն Հայաստան մուտքի արտօնագիր կարելի է ստանալ միայն E-VISA ելեկտրոնային համակարգին միջոցով, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:



