Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ուահապ անդրադարձաւ Լիբանանի կառավարութեան որոշումին, որ կը վերաբերէր «Եուրոպոնտ»-ի պարտատոմսերու նիւթական իր պարտաւորութիւնը առկախելու, ինչպէս նաեւ որդեգրուելիք տնտեսական ու ելեւմտական բարեկարգումներուն, որոնց շարքին` ելեկտրականութեան մարզի բարեկարգումին, որ հրատապ է եւ պէտք է անյապաղ կատարուի:
Միւս կողմէ, Ուահապ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն փտածութեան հարցով, որովհետեւ անոնք անդադար քաղաքական նոյն դասն է, որ կ՛ընտրեն ամէն երեսփոխանական ընտրութեան:
Ան նշեց, որ ներկայիս վարչապետ Հասսան Տիապ լիբանանցիները իրազեկ կը դարձնէ տիրող կացութեան` հաստատելով, որ Տիապ քաղաքական եւ ամբոխահաճական ձգտումներ չունի, այլ` տրամաբանական է, գիտական մօտեցում եւ կարողութիւններ ունի, ինչպէս նաեւ փտած չէ:
Ուահապ ընդգծեց, որ վարչապետ Տիապի կողմէ Լիբանանը իր ներկայ իրավիճակէն փրկելու նպատակով ծրագիր մը մշակելու ջանքերը ողջունելի են:
Ան նշեց, որ Տիապ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որ Լիբանանէն իւրացուած գումարները վերադարձնէ լիբանանեան պետութեան` աւելցնելով, որ դրամատուները սխալ ընթացքի մէջ են, եւ այդ ընթացքը պէտք է սրբագրուի:
Ուահապ նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանին օժանդակելու իմաստով Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ կեցուածքները ողջունելի են` հաստատելով, որ այս դժուար պայմաններուն մէջ այս զոյգ երկիրները կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ Լիբանանին:
Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կան երկու իրականութիւններ, որոնք անվերադարձ հեռացած են եւ կրկնուելու հաւանականութիւն չունին: Ան նշեց, որ անոնցմէ մէկը ամերիկեան տոլարի դիմաց լիբանանեան դրամանիշին 1500 լ. ոսկիի սակն է, իսկ միւսը` երկիրը 17 հոկտեմբերէն առաջ տիրող կացութեան վերադարձնելը:



