Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միջազգային կարմիր խաչի պատասխանատու Քրիսթոֆ Մարթինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու միջոցները:
Միւս կողմէ, Հըթթի երէկ ուղղուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր ստանձնեց Լիբանանի տրամադրուած ֆրանսական բժշկական օժանդակութիւնները, որոնք «Քորոնա» ժահրին տարածումին դէմ պայքարելու կը ծառայեն:
Հըթթի հաստատեց, որ այս փուլին Լիբանան կարիքը ունի իր բոլոր զաւակներուն համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ կարիքը ունի Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն եւ շրջանային ու միջազգային կազմակերպութիւններուն օժանդակութեան` պայքարիլ կարենալու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ:
Հըթթի ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ պէտք է ժողովրդային գիտակցութիւն տարածել` «Քորոնա» ժահրին դէմ աւելի հզօր կերպով պայքարելու եւ անոր յաղթելու համար:
Հըթթի դրուատեց լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք բոլոր մարզերուն մէջ ամրապնդելու հեռանկարները:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսական իշխանութիւններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան բժշկական այդ անհրաժեշտ օժանդակութիւնները փոխադրելու Լիբանան:
Նշենք, որ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Հըթթի յայտնեց, որ Լիբանան գործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ բոլորին, յատկապէս իրեն բարեկամ երկիրներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային իմաստով ազդու դերակատարութիւն ունեցող բոլոր երկիրներուն:
«Մենք կը փափաքինք, որ այս յարաբերութիւնները հիմնուած ըլլան իւրաքանչիւր երկրին գերիշխանութեան հանդէպ յարգանքի եւ փոխադարձ շահերու ապահովումին վրայ», ըսաւ ան:
Հըթթի հաստատեց, որ ինք կը յարգէ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական բազմազանութիւնը` յոյս յայտնելով, որ քաղաքական բոլոր կողմերը վերջ կու տան բարեկամ երկիրներուն դէմ ցեխարձակումներ արձակելու կեցուածքին:
«Եթէ նման յայտարարութիւններ հնչեն, ապա իմ պարտականութիւնս եւ պատասխանատուութիւնս է հաստատել, որ այդ կեցուածքները լիբանանեան պետութեան պաշտօնական կեցուածքը չեն ներկայացներ, այլ միայն` այդ կեցուածքը յայտարարող կողմինը», յայտնեց ան:
Հըթթի նշեց, որ Լիբանանի համար առաջնահերթութիւն է արաբական երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդել, յատկապէս` Սէուտական Արաբիոյ հետ, որ Լիբանանի ամբողջ պատմութեան ընթացքին միշտ նեցուկ կանգնած է երկրին:
Այս շրջագիծին մէջ Հըթթի հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ կարգ մը երկիրներ մերժած են լիբանանցի պետական պաշտօնատարներու այցելութիւնը:
«Շրջանին մէջ Լիբանան ամէնէն աւելի ազդուողն է եւ ամէնէն նուազ ազդեցութիւն ունեցողը: Հետեւաբար մեր շահերը կ՛ենթադրեն, որ մեր յարաբերութիւնները հիմնուած ըլլան օրէնքները, միջազգային ուխտերն ու միջազգային օրէնքը յարգելու վրայ», ըսաւ Հըթթի:
Սուրիան իբրեւ Արաբական լիկայի անդամ երկիր վերադարձնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հըթթի մաղթեց, որ Ալճերիոյ մէջ տեղի ունենալիք Արաբական լիկայի յաջորդ վեհաժողովին այդ քայլը իրականանայ:
Հըթթի վերահաստատեց, որ կառավարութիւնը պատասխանատու չէ Լիբանանի պարզած ներկայ տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակին` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը ճիգ չի խնայեր երկրին դիմագրաւած տագնապը լուծելու:
«Լիբանանեան նաւը կրնայ ընկղմիլ, եթէ բոլորս միասնաբար չգործենք` զայն փրկելու համար», հաստատեց ան:
Անդրադառնալով «Դարու գործարք»-ին` Հըթթի շեշտեց, որ Լիբանան կտրականապէս կը մերժէ պաղեստինցի գաղթականներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն բնակեցումը` վերահաստատելով, որ արաբեւիսրայէլեան տագնապի լուծման առումով Լիբանան կառչած կը մնայ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան, որ յայտարարուած էր Պէյրութէն:



