Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Մարտ 1970)

March 10, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ Կեանք

 Վեհափառ Հայրապետը Ս. Նշանի Մէջ

Մեծ պահոց միջինքի առիթով, չորեքշաբթի, 4 մարտ, առաւօտեան, արեւագալի հանդիսաւոր ժամերգութիւն տեղի ունեցաւ Ս. նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ` հանդիսապետութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի:

Վեհափառ հայրապետը իր ժամանումին արժանացաւ շքեղ ընդունելութեան: Դիմաւորուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր, քահանայից դասի, թաղական խորհուրդի, տիկնանց միութեան, աղքատասիրացի, դպրաց դասի, ազգ. «Ս. Խանամիրեան» քոլեճի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ:

Խուռներամ բազմութիւն մը հաւատացեալներու ծայրէ ծայր լեցուցած էր եկեղեցին:

Ժամերգութեան ներկայ եղան «Ն. Փալանճեան» ճեմարանի եւ «Ս. Խանամիրեան» քոլեճի բարձրագոյն կարգերու աշակերտները:

Արեւագալի ժամերգութիւնը երգեցին դպրեվանքի սաները:

Քարոզեց վեհափառ հայրապետը: Աւելի պատգամ ուղղեց հաւատացեալներուն, որպէսզի չգաղթեն: Յայտնեց որ դէպի Ամերիկա կատարած իր շրջապտոյտին ականատես եղած է  շատ տխուր տեսարաններու: Գաղթողներէն շատերը դժգոհ են: Իրենց ակնկալած նպատակին չեն հասած: Ազգային տեսակէտով ալ պատկերը տխուր է: Գաղթող սերունդը կամ անոնց յաջորդող սերունդը միայն կրնայ դիմանալ ձուլումին, գալիք սերունդները անպայման պիտի ձուլուին: Ձեր գեղեցիկ տնտեսութիւնը եւ կեանքը քանդելով` մի՛ գաղթէք, եղաւ վեհափառ հօր պատգամը:

Յաւարտ ժամերգութեան, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը կազմակերպած էր միջինքի յատուկ ճաշկերոյթ: Ներկայ եղան` վեհափառ հայրապետը, առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս, դրան եպիսկոպոս Գարեգին եպիսկոպոս, վարդապետներ, քահանայ հայրեր, թաղական խորհուրդի անդամները, ազգ. «Ս. Խանամիրեան» քոլեճի տնօրէնութիւնը, Տիկնանց միութեան վարչութեան, աղքատախնամի, դպրաց դասի անդամները եւ դպրեվանքի սաները:

Առաջորդ սրբազանը բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վեհափառ հօր:

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթը եւ վերջ գտաւ վեհափառ հօր «Պահպանիչ»-ով:

Ս. Նշանի Տիկնանց Միութեան
Միջինքի Հաւաքոյթը

Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ եկեղեցասէր տիկնանց միութեան վարչութեան կազմակերպած հաւաքոյթը, միջինքի առիթով, տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 4 մարտ, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Ազգ. «Ս. Խանամիրեան» քոլեճի մանկապարտէզի սրահին մէջ:

Ժամանակէն առաջ սրահը լեցուած էր ծայրէ ծայր:

Վարչութեան ատենապետ Էօժենի Պալեան բարի գալուստի պատշաճ խօսքերէ ետք, ներկայացուց միութեան միամեայ գործունէութիւնը: Լայն տեղեկութիւններով բացատրեց եկեղեցասէր տիկնանց միութեան ծրագիր-կանոնագրին հիմնական յօդուածները: Թելադրեց յարգել ազգային եւ եկեղեցական աւանդութիւնները եւ նորահաս սերունդներուն լաւապէս ուսուցանել հայոց լեզուն:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը: Նուագեց եւ երգեց օրդ. Քէշիշեան: Արտասանեցին Լենա Թէքեան եւ Արա Վիզոյեան, Արա Թէքեան մինչեւ վերջ իր ձեռնադաշնակով խանդավառեց ներկաները: Եղան խմբական պարեր, մենապար, երգ ու ծիծաղ:

Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն: Միջինքի յատուկ հիւրասիրութեան ընթացքին նոր անդամուհիներ արձանագրուեցան:

«Հայր մեր»-ի խմբերգումով վերջ գտաւ հաւաքոյթը եւ ներկաները մեկնեցան գոհ տրամադրութեամբ:

Լիբ. Օգնութեան Խաչի «Աստղիկ» Մասնաճիւղի
Միջինքի Հաւաքոյթ-Դասախօսութիւնը

Լիբ. օգն. խաչի Մար Մխայելի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հաւաքոյթ-դասախօսութիւնը, միջինքի առիթով, տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 5 մարտ, կէսօրէ ետք ժամ 3:00-ին, Մար Մխայելի ակումբի սրահին մէջ:

Անդամուհիներ եւ համակիր տիկիններ ու օրիորդներ լեցուցած էին սրահը:

Գործադրուեցաւ օրուան պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը: Մեներգեցին`  Շաքէ Քէշիշեան եւ Նուարդ Մահտումեան, արտասանեցին Խարմանտարեան եւ Ա. Պատագեան: Տեղի ունեցան նաեւ հաճելի անակնկալներ:

Օրուան դասախօս Սոնա Զէյթլեան խօսեցաւ հայ կնոջ դերին եւ պարտականութեանց մասին: Օգտաշատ թելադրանքներ ըրաւ, որոնցմէ շատ գոհ մնացին ունկնդիրները:

Տեղի ունեցաւ նաեւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: Գոհ տրամադրութեամբ մեկնեցան ներկաները:

———————

ՕՐԱՏԵՏՐ                                                       ՄԱՐՏ  10

  • 1885.- Ռուսական կառավարութեան հրամանագիրով փակուեցան հայկական վարժարանները:
  • 1925.- Մահ Քրիս Ֆէնէրճեանի: Մասնակից սուլթան Համիտի դէմ մահափորձի պատրաստութեան գործին:
  • 1945.- Մահ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին արտաքին գործոց նախարար եւ երկրորդ վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի: Ծնած է 1874-ին:
  • 1986.- Մահ արձակագիր Արամ Հայկազի:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Հայրենիքի Սահմանը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.