Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մանկութիւն Ունեցող Մարդիկ

March 3, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՏԻԿ

Այո՛, խոր շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն ծնողքիս` ոչ անոր համար, որ զիս կերակրեցին, ուսումս ու զարգացումս ապահովեցին, ո՛չ, այլ զիս մեծցուցին «հայ» մանկութեանս առաջին օրերէն ու մէջս տեղաւորեցին հայ ըլլալու գիտակցութիւնը եւ հպարտութիւնը:

Մեր տան մթնոլորտը եղած է միշտ հայկական, ուր թրքերէն բառ չէ լսուած:

Այս իրողութիւնը կը պարտիմ թէ՛ մօրս եւ թէ՛ հօրս: Հիմա որ ապրիլ 24¬ը կը մօտենայ, միշտ մտքիս մէջ է պատկերը այն օրուան, երբ դեռ պատանի` կիրակի առաւօտ մը, երբ ես տակաւին անկողինիս մէջ էի, հայրս արթնցուց զիս` ըսելով, որ անմիջապէս ելլեմ ու պատրաստուիմ իրեն ընկերանալու դէպի շուկայ, ուրկէ ան իր գործին վերաբերեալ գնումներ պիտի ընէր ու պէտք ունէր իմ օգնութեանս: Երբ աչքս բացի, անմիջապէս անդրադարձայ, որ այդ օր կիրակի էր, սակայն կը զուգադիպէր ապրիլ 24¬ի… Հօրս պատասխանեցի. «Բայց այսօր ապրիլ 24 է, դուն կ՛ըսես, որ ապրիլ 24¬ին չենք աշխատիր»… Հոս հայրս կայծակնահար. «Այո՛, տղա՛ս, չէի անդրադարձած, չենք երթար գործի, կ՛երթանք եկեղեցի ու ապրիլեան սգահանդէսի»:

Մեր տան մէջ, ուր հիւրընկալած ենք Կարօ Սասունի, Սօսէ Մայրիկ ու Վարդան Շահպազ, մեր սնունդն էր հայկականութեան զգացումն ու հպարտ գիտակցութիւնը: Այս էր մեր` եղբօրս ու քրոջս «մանկութեան» սնունդը, ու մենք դաստիարակուած ենք իբրեւ հայ մանուկ, գիտակից ու հպարտ:

Այսօր երբ օտարամոլութիւնը տարածուած է մեր գաղութներուն երդիքներուն տակ, մենք աւելի ուշադիր եւ բծախնդիր պէտք է ըլլանք` մեր մանուկներուն տալու հայկական մանկութիւն, որ ըլլան հպարտ ու գիտակից հայ սերունդ, խօսին հայերէն, երգեն հայերէն ու մտածեն, թէ որքա՜ն հպարտանալի է մեր մշակոյթը, երբ գերմանացին Կոմիտասի արձանը կը զետեղէ Գերմանիոյ մէջ, երբ ճափոնցին կ՛ուսանի հայագիտութիւն ու մեզի կը դասախօսէ հայերէն եւ այսպէս շատ օրինակներ:

Հոս խօսքս կ՛ուղղեմ հայ կնոջ, որ ըլլայ հայ մայր եւ իր զաւակները դաստիարակէ հայեցիօրէն, ու անոնք ունենան հայ մանկութիւն. այլ խօսքով, հայկականացնենք մեր մանուկները:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (3 Մարտ 1970)

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԺԴ.

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.