Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստորագրուած Են Պաշտպանութեան Մարզին Մէջ Հայ-Յունական Եւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս Համագործակցութեան Ծրագիրներ

February 29, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 28 փետրուարին Աթէնքի մէջ մասնակցած է պաշտպանութեան մարզին մէջ հայ-յունական համագործակցութեան ծրագիրներու քննարկման եւ ռազմաքաղաքական խորհրդակցութիւններուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, թէ յոյն գործընկերներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին  ամփոփուած են 2019-ի համագործակցութեան արդիւնքները, եւ  քննարկուած է 2020-ի համագործակցութեան ծրագիրը: Կողմերը բարձր գնահատած են համագործակցութեան արդիւնքներն ու իրականացած միջոցառումները:

Խորհրդակցութիւններու արդիւնքով ստորագրուած է Հայաստանի  Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան 2020-ի երկկողմանի համագործակցութեան ծրագիրը, որ կը ներառէ 21 միջոցառումներ Հայաստանի եւ Յունաստանի մէջ` ուսումնավարժական ծրագիրներ յատուկ նշանակութեան ուժերու, ռազմաբժշկական եւ մարտավարական պատրաստութեան այլ ուղղութիւններով, փորձի փոխանակում համացանցային անվտանգութեան, ճարտարագիտական եւ այլ մարզերու մէջ, ռազմաքաղաքական խորհրդակցութիւններ, տեղեկատուութեան փոխանակում:

Նոյն օրը, Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի պաշտպանական նախարարութիւններու` պաշտպանական քաղաքականութեան պաշտօնեաներու ձեւաչափով տեղի ունեցած հանդիպման իբրեւ արդիւնք, ստորագրուած է 2020-ի եռակողմանի գործողութիւններու ծրագիրը: Անիկա կը ներառէ տասնեակ միջոցառումներ Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ, որոնք կը վերաբերին զանազան մարզերու մէջ ուսումնավարժական եռակողմանի ծրագիրներու եւ ռազմաքաղաքական խորհրդակցութիւններու:

Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են նաեւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: Ներկայացուած են շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու եւ առկայ մարտահրաւէրներու նկատմամբ կողմերուն դիրքորոշումները:

 

Նախորդը

Դպրոցները Մէկ Շաբթուան Համար Կը Փակուին «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով

Յաջորդը

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Հանդիպումներ Ունեցաւ Վարչապետ Փաշինեանի Եւ Նախարար Մնացականեանի Հետ

RelatedPosts

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 24, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ  Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

September 24, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան  «Յաջող Քննարկումներ»
Գլխաւոր լուրեր

Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան «Յաջող Քննարկումներ»

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.