Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեկնարկ` Լիբանանի Մէջ Մօր Եւ Մանկան Առողջութեան Մասին Ազգային Բազմացուցանիշ Հետազօտութեան

February 29, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի վիճակագրութեան Կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեանի հրաւէրով, երէկ, ուրբաթ, 28 փետրուար 2020-ի, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հատէթի կեդրոնին մէջ մեկնարկեց ազգային բազմացուցանիշ հետազօտութեան հրապարակային գործունէութեան նախաքայլը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ  Եուքի Մոքոյի, բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ մամլոյ ներկայացուցիչներու:

Ձեռնարկին բացումը կատարելով` դոկտ. Մարալ Կիտանեան ողջունեց ներկաները եւ խօսքը փոխանցեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Եուքի Մոքոյի:

Ան հակիրճ ակնարկով անդրադարձաւ մօր եւ մանկան առողջութեան մասին համաշխարհային մակարդակով կատարուող հետազօտութեան եւ անոր պարզած արդիւնքներուն: «Ձեռք բերուած տուեալներուն շնորհիւ կարելի եղաւ փրկել ու բարելաւել միլիոնաւոր մանուկներու, մանաւանդ փոքր տարիքի եւ լուսանցքայնացուած երեխաներու կեանքը: Արդ, ԵՈՒՆԻՍԵՖ ուրախ է գործակցելու եւ մասնակցելու Լիբանանի վիճակագրութեան Կեդրոնական վարչութեան հետ` նման կարեւոր հետազօտական աշխատանք կատարելու Լիբանանի մէջ», ըսաւ ան` յոյս յայտնելով, որ նման կարեւոր տուեալներ հիմնաքարը պիտի կազմեն Լիբանանի մէջ այս ուղղութեամբ տարուելիք աշխատանքին` գործունէութեան ուղեգիծերու մշակումէն մինչեւ յառաջդիմութեան ամրագրում, հետեւաբար` զօրակցութիւն իւրաքանչիւր երեխայի կեանքի բարելաւման ձգտող (ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի) հաւաքական առաքելութեան: Ան յայտնեց, թէ 1995-ին մեկնարկած հետազօտական այս աշխատանքը արդէն իսկ իրագործուած է 116 երկիրներու մէջ եւ ցարդ հրապարակուած է աւելի քան երեք հարիւր ուսումնասիրական զեկոյցներ:

Ապա խօսք առաւ դոկտ. Մարալ Կիտանեան, որ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ նշեալ հետազօտական ուսումնասիրութեան` լուսարձակի տակ առնելով այս ուսումնասիրութեան ընկերային ու բարգաւաճման կարեւորութիւնը, անոր աշխատանքի եւ որդեգրուած հարցախոյզի գործելաձեւը, վարժանիստերը, հրապարակային գործնական խմբակներու  կազմութիւնը` նաեւ դիմագրաւած հիմնական խոչընդոտները: Դոկտ. Կիտանեան նշեալ կէտերուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց ներկաներուն: Ան յայտնեց, թէ նշեալ հետազօտական աշխատանքը կատարուած է աւելի քան երկու հարիւր երկիրներու մէջ ու հոսկէ` անոր համաշխարհային կարեւորութիւնը: Այս հետազօտական ուսումնասիրութիւնը աւելի քան 160 ցուցանիշերու մասին տուեալներ պիտի հայթայթէ: Լիբանանի վիճակագրութեան Կեդրոնական վարչութեան այս քայլը երրորդն է իր տեսակին մէջ, որ արժէքաւոր տեղեկութիւններ եւ փաստարկներ պիտի հայթայթէ Լիբանանի մէջ մօր եւ մանկան իրավիճակին մասին, ըսաւ ան:

Եզրակացնելով` դոկտ. Կիտանեան մամլոյ ներկայացուցիչներուն թելադրեց լայնօրէն արձագանգել եւ զարկ տալ այս հետազօտական մարզի մշակոյթին ընտելացման` յաչս ժողովուրդին ու հանրային կարծիքին: Ան նաեւ թելադրեց պատկան ընտանիքներուն, որ հետազօտական հարցախոյզերով իրենց դիմող անհատներէն պահանջեն Լիբանանի վիճակագրութեան Կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնին ստորագրութիւնը կրող անհատական յատուկ քարտերը:

Այս առթիւ ներկայացուեցաւ կարճ տեսահոլովակ մը, ուր կը պարզուի Լիբանանի զանազան շրջաններու բնակչութեան հակազդեցութիւնն ու անդրադարձը նման հետազօտական աշխատանքի եւ մարդոց ցուցաբերած շփոթած կեցուածքը` իրենց դիմող խումբերուն անդամներուն:

 

Նախորդը

Հըթթի Մեկնեցաւ Ֆրանսա

Յաջորդը

Վարչապետ Տիապ Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.