Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աֆիխայ Ատրահի երէկ յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը իրենց ռազմափորձերը աւարտած են արդէն:
Ան նշեց, որ այդ ռազմափորձերուն նպատակն էր իսրայէլեան ուժերը կազմ ու պատրաստ պահել` Լիբանանի դէմ յաջորդ պատերազմին համար:
«Ռազմափորձերուն մասնակցեցան իսրայէլեան ուժերու 36-րդ զօրամասը, որ տեղակայուած է հիւսիսային ճակատին վրայ, զրահապատներու յատուկ 7-րդ զօրամասը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան ուժերու «Կոլանի» ընտրեալներու ջոկատը», ըսաւ Ատրահի:


