Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՊԿ Ընդհանուր Քարտուղար. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Այլընտրանք Չկայ»

February 28, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան 27 փետրուարին հանդիպումներ ունեցան աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ:

Տօնոյեանի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ ռազմական բաղադրիչի հետագայ զարգացման գործընթացը:

Կողմերը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցին ՀԱՊԿ ճգնաժամային արձագանգման համակարգի զարգացման, ՀԱՊԿ գործնական արձագանգման հաւաքական ուժերու եւ խաղաղապահ ուժերու ներուժի բարձրացման, կազմակերպութեան զինուած ուժերու ներկայացուցիչներու համակարգի կատարելագործման: Քննարկուեցաւ նաեւ մարտական պատրաստութեան միացեալ նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայրենական Մեծ պատերազմի 75-ամեակին նուիրուած միացեալ ծրագիրներուն առնչուող հարցեր:

Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Սթանիսլաւ Զաս ամփոփեցին կատարուած աշխատանքները, միտքեր փոխանակեցին անոնց արդիւնքներուն շուրջ: Քննարկուեցան ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պայքարի արդիւնաւէտութեան բարձրացման, թմրեցուցիչներու եւ հոգեմետ նիւթերու անօրինական շրջանառութեան դէմ պայքարին վերաբերող հարցեր:

Քարտուղար Գրիգորեան ներկայացուց իրավիճակը հայ-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ եւ ընդգծեց արցախեան հարցի բացառապէս խաղաղ ուղիով լուծելու հրամայականը` կարեւոր նկատելով այս առումով ՀԱՊԿ-ի դիրքորոշումը ու Հայաստանի հասարակութեան ակնկալութիւնները այդ կառոյցէն:

Քարտուղար Զաս անգամ մը եւս հաստատեց ՀԱՊԿ-ի դիրքորոշումը, որուն համաձայն, տագնապի խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի: Ան ներկայացուց ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ ծրագրուած եւ արդէն իրականացուող շարք մը ծրագիրներ, որոնց կարգին` հակաահաբեկչական եւ զօրավարժութիւններու նախապատրաստման վերաբերող:

Նախորդը

Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Գտնուող Առաջին Նաւթահորի Պեղումը Սկսաւ

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան Կարեւոր Նկատած Է Պաշտպանութեան Մարզին Մէջ Վրաստանի Հետ Գործակցութիւնը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.