Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սումկայիթի Նահատակներուն Յիշատակին

February 27, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Հայ ժողովուրդը, ինչպէս ամէն տարի, այս օրերուն  յարգանքի տուրք կը մատուցէ սումկայիթեան  եղեռնագործութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:

Երեսուն եւ երկու տարիներ առաջ Լեռնային  Ղարաբաղի ժողովուրդը ձայնը  բարձրացուց յանուն սեփական իրաւունքներու եւ ազատութեան պաշտպանութեան: Քաղաքակիրթ եւ օրինական իւրաքանչիւր գործողութեան կը հետեւէր հայ ազգաբնակչութեան իրաւունքներու զանգուածային եւ համատարած ոտնահարում, բռնութիւն, կոտորած…

Ազերի ազգայնամոլներ, խաղաղ ցոյցերուն իբրեւ պատասխան, հայ բնակչութեան ջարդեր կազմակերպեցին Սումկայիթի մէջ` փետրուար 1988-ին, Պաքուի մէջ` յունուար 1990-ին եւայլուր:  Կոտորածներուն զոհ դարձան հազարաւոր հայեր:  Շուրջ կէս միլիոն հայեր բռնութեան տակ լքեցին իրենց բնակութեան վայրերը եւ գաղթեցին Հայաստան եւայլուր:

26-28 փետրուար 1988-ին Ազրպէյճանի  Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ բնակչութեան դէմ բարբարոսական յարձակումներուն եւ խոշտանգումներուն պատճառով եղան հարիւրաւոր զոհեր: Ազերի կառավարութիւնը  ամէն գնով փորձեց ծածկել եւ խեղաթիւրել կատարուող յանցագործութիւնները: Լրատուական աղբիւրներ օրեր շարունակ լռութիւն պահեցին մարդկային այս  ողբերգութեան առջեւ:

Միջազգային արձագանգը նոյնպէս շա՜տ շա՛տ  հեռու էր   բաւարար ըլլալէ: Փլուզուող  Խորհրդային Միութեան  իշխանութիւնները  կատարուածին չտուին համապատասխան գնահատական: Սակայն ճշմարտութիւնը  բացայայտուելէ ետք Սումկայիթի կոտորածները ցնցեցին միջազգային հանրային կարծիքը:

Սումկայիթի մէջ հայերու դէմ բռնութիւնները  փոխեցին Լեռնային Ղարաբաղի  հակամարտութեան բնոյթը: Փաստօրէն 1988 թուականը անկիւնադարձային  դարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան համար:

Լեռնային  Ղարաբաղի ժողովուրդին պարտադրուեցաւ  արեան գնով պաշտպանել  ազատ ապրելու իրաւունքը:

Սումկայիթի եղեռնագործութիւնը տարածուեցաւ  ամբողջ  Ազրպէյճանի տարածքին: Մայիս 1988-ին  կազմակերպուեցաւ Շուշիի հայութեան   տեղահանումը: Հայերու կոտորածներ տեղի ունեցան Պաքուի, Կիրովապատի (Գանձակի), Նախիջեւանի եւ այլ վայրերու մէջ:

Ազրպէյճան անմիջապէս տնտեսական  շրջափակում հաստատեց Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ` ծանր վնասի ենթարկելով Հայաստանի եւ Ղարաբաղի  տնտեսութիւնները:

Ազրպէյճան առ այսօր դիմած է տնտեսական շրջափակման ամենադաժան ձեւերուն` արտաքին աշխարհէն մեկուսացնելով Հայաստանը եւ   Լեռնային Ղարաբաղը, արգելակելով   սննդամթերքի, վառելանիւթի, առաջնային անհրաժեշտութիւններու ներածումը եւ   տեղափոխութիւնը:

Յաջորդ տարիներուն Ազրպէյճանը փորձեց   լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններ ծաւալել Ղարաբաղի դէմ, սակայն չարաչար  տապալեցաւ անոր  նենգ ծրագիրը:

Լեռնային Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան  ուժերը արժանի հակահարուած տուին  Ազրպէյ ճանի բանակին: Ռազմաճակատներու վրայ պարտութիւնը ազերիներուն ստիպեց 12 մայիս 1994-ին Պիշքեքի մէջ  զինադադար ստորագրել  Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ:

Այսօր, Սումկայիթի կոտորածներէն երեսուն եւ  երկու տարիներ ետք կը խոնարհինք Սումկայիթի անմեղ զոհերու, Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրութեան պայքարին ընթացքին  նահատակուած ազատամարտիկներուն յիշատակին առջեւ: Համոզուած ենք, որ   հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարուած յանցագործութիւնները, դաժանութիւնները եւ  ոճիրները  պիտի արժանան համապատասխան գնահատականի, եւ ամբողջ մարդկութիւնը  դատապարտէ ազերիական բարբարոսութիւնները:

Ազրպէյճանը այսօր եւս կը շարունակէ խախտել Լեռնային Ղարաբաղի հետ հաստատուած զինադադարը, կը հրահրէ հայ ժողովուրդին հանդէպ ատելավառ մթնոլորտը: Ատելավառ այս մօտեցումը վերջերս դրսեւորուեցաւ Գերմանիոյ Տրեստեն քաղաքի օփերայի սրահներէն մէկուն մէջ, երբ ազերի երգիչ մը մերժեց հայ սոփրանոյի մը հետ ելոյթ ունենալ` պատճառաբանելով, որ վերջինս հայ էր… Միջազգային հասարակութենէն կ՛ակնկալուի դատապարտել այս երեւոյթը:

Բայց ի վերջոյ արդարութիւնը պիտի   յաղթանակէ:  Բոլորս` համայն հայութիւնը  հրճուանքով ըմբոշխնեց Հայոց ցեղասպանութիւնը  ճանչնալու 13 փետրուար 2020-ի Սուրիոյ խորհրդարանին  որոշումը: Մեր դատը արդար  է: Պայքարը պիտի շարունակենք, մինչեւ որ ցեղասպանը ընդունի  յանցագործութիւնը եւ հատուցէ մեր ֆիզիքական, մշակութային, տնտեսական կորուստները:

Մենք` հայ ժողովուրդի զաւակներս համոզուած ենք, որ միայն մեր հաւաքական կամքով եւ  միասնական ուժով կրնանք զօրացնել մեր  հայրենիքը` Հայաստանը, Լեռնային Ղարաբաղը եւ  հայոց բանակը:

Կեցցէ՛ ազատ եւ անկախ Լեռնային Ղարաբաղը եւ յարգա՛նք մեր հերոս նահատակներուն անմար յիշատակին:

Քուէյթ

 

 

Նախորդը

Սումկայիթի Նահատակներուն Յիշատակին

Յաջորդը

Գաղութէ-Գաղութ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

October 23, 2026
«Դող` Սիրտը Գող». Թատերական Երեկոյ Մը` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Թատերասրահին Մէջ
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Թատերական Երեկոյ Մը` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Թատերասրահին Մէջ

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.