Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԻԱ. Դարու Սպառազինութիւնը Ս. Սարգիսի Զրահով

February 8, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ
ՎԻԳԷՆ ՎՐԴ. ՏԱԼԳԼԸՃԵԱՆ

Օրհ. ԱԿ. «Ամենասուրբ Երրորդութեան ընտրեալ եւ հաւատարիմ ծառայ, սպառազէն յաղթող եւ քաջ նահատակ եւ շնորհքներու օթեւան, արագահաս Սուրբ Սարգիս Քրիստոսի մօտ բարեխօս եղիր մեզի համար».  Շարակնոց Կանոն Սրբոյ Սարգսին:

Այսօր հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին կը նշէ «Սրբոցն Սարգսի զօրավարին եւ որդւոյ նորա Մարտիրոսին եւ չորեքտասան զինուորացն»:

Քրիստոսի եկեղեցին պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ նման վկայութիւններ ունի: Քրիստոս կ’ըսէ. «Երանի՜ ձեզի, երբ մարդիկ նախատեն եւ հալածեն ձեզ, կամ ստելով` ձեր մասին ամէն տեսակի զրպարտութիւն ընեն իմ հետեւորդներս ըլլալնուդ համար: Ցնծացէք եւ ուրախացէ՛ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ է երկնքի մէջ» (Մտ. 5.11-12): Երբ այս սփոփանքի խօսքերը կը կարդանք, կրնանք արժանապէս պատկերացնել, թէ` քրիստոնեան ինչ տիպի կեանք կրնայ ապրիլ:

Քրիստոնէական եկեղեցին իր հաւատքի հերոսութեամբ աւելիով զօրացաւ, երբ նման մարտիրոսներ իրենց կեանքը տուին Սուրբ զոհասեղանին առջեւ: Եկեղեցւոյ համար Քրիստոսի կերպարը քարոզելով` ամենակենդանի ճշմարիտ օրինակը դարձան: Այնպէս մը չէ, որ ոեւէ անձ կրնայ մտածել Սուրբ դառնալ, այլ այդ սրբութեան կոչումը պսակի նման Աստուծմէ կ’իջնէ այն մարդոց վրայ, որոնք իրենց հաւատարմութեամբ գերագոյն ճիգը կ’արտայայտեն: Ինչպէս պատահեցաւ Ս. Սարգիսի դէպքը, երբ այդ զինուորները, որոնք ազգութեամբ պարսիկ էին, տեսան իր նահատակութիւնը եւ իր վրայ իջնող լոյսը, իրենք եւս հաւատացին ճշմարիտ հաւատքին եւ Ս. Սարգիսի օրինակով նահատակուեցան:

Ս. Սարգիս ապրած է 1700 տարիներ առաջ, ան հռոմէացի քրիստոնեայ քաջարի զօրավար մըն էր, որ յունարէն լեզուով կը կոչուի ստրատիղոս: Կոստանդիանոս կայսրը քրիստոնէութիւնը իբրեւ հաւասար կրօնք հռչակեց, եւ այդպիսով եկեղեցիներ կառուցուեցան ու հոգեւորականներուն թիւը աճեցաւ:

Կոստանդիանոս կայսեր յաջորդ Յուլիանոս անունով մէկը, որ գահ բարձրացաւ 360 թուականին: Քրիստոնէութեան կեանքը դարձեալ վատթարացաւ եւ Հռոմի մէջ հալածանքի թիրախ դարձաւ: Յուլիանոս կայսր կ’որոշէ ամբողջութեամբ հեթանոսական պաշտամունքային ծէսը վերականգնել, ան իր հրովարտակով կը հրամայէ քանդել եկեղեցիները, բանտարկել հոգեւորական դասը, նաեւ հալածել հռոմէական բանակին մէջ եղող քրիստոնեաները. այդ պատճաոով ալ ան կը յիշուի «ուրացող» անունով: Այս բանակային հալածանքի պատճառով Սարգիս Զօրավար իր որդիին` Մարտիրոսին հետ կը հեռանայ Կապադովկիայէն եւ կ’երթայ Հայաստան` ինքզինք ազատ համարելով այդ ծառայութենէն: Արշակ Բ. թագաւորին յորդորով կ’անցնի Պարսկաստան եւ` քրիստոնէական հաւատքի զօրութեամբ ու առաքելութեամբ մեծ յաղթանակներ արձանագրելով, Պարսից Շապուհ Բ. թագաւորին կողմէ կը հրաւիրուի մեծ պաշտօնի մը. Յուլիանոս կայսր կ’որոշէ արշաւել պարսիկներուն վրայ, բայց եւ այնպէս չի յաջողիր եւ Քրիստոսին ուղղելով իր վերջին խօսքը կ’ըլլայ. «Դուն յաղթեցիր ո՜վ գալիլիացի»: Մինչ այդ Պարսից բանակի զինուորներ քրիստոնեայ կը դառնան Սարգիս Զօրավարին քարոզչութեամբ: Բայց եւ այնպէս Շապուհ թագաւոր կը տեղեկանայ եւ Քրիստոսի քարոզչութեան գծով անհամաձայն կարծիք մը կ’ունենայ:

Այսուհանդերձ Շապուհ թագաւոր մեծ դատավարութեան եղանակ մը կատարեց եւ` Սարգիս զօրավարը կանչելով, ամբաստանեց զայն: Սարգիս զօրավար բաւական համարձակ կը գտնուի եւ կը ջատագովէ քրիստոնէական հաւատքը: Մտաբերենք նաեւ Պօղոս առաքեալին օրինակը: Երբ ատեանին առջեւ կանգնելով իր անձին վերաբերեալ վկայութիւն մը տուաւ, «Անանիա քահանայապետը սպասաւորներուն հրամայեց, որ անոր բերանին զարնեն» (Գրծ 23.2): Պօղոս լուռ չկեցաւ եւ ո՛չ ալ ապտակող սպասաւորին ըսաւ. «Հաճիս անգամ մը եւս զիս ապտակէ», այլ իր աչքերը յառելով Անանիա քահանայապետին, ըսաւ. «Թող Աստուած քեզի զարնէ, ճերմկցուա՛ծ պատ. նստեր ես` օրէնքով զիս դատելու համար, եւ ապօրէն հրաման կու տաս որ զարնե՞ն ինծի» (Գրծ 23.3):

Առաքեալին ընդվզումը հարկաւ միայն իր ստացած ապտակին համար չէր, այլ նաեւ օրէնքի խախտումին եւ անարգումին համար էր: Եթէ ո՛չ քրիստոնէութեան հիմնադիրը` Քրիստոս, եւ ո՛չ ալ քրիստոնէութեան մեծագոյն տարածիչը` Պօղոս, ապտակ ստանալով լուռ կեցան կամ խնդրեցին, որ անգամ մը եւս ապտակեն զիրենք, մե՛նք նաեւ, միշտ չէ, որ լուռ պէտք է կենանք, երբ մեր իրաւունքը կը խլեն, երբ ճշմարտութիւնը կը խեղաթիւրեն, եւ երբ աղքատը կ’ոտնակոխեն:

Քրիստոնեայ մարդը կոչուած է ըլլալու ձայնը արդարութեան, շեփորահարը ճշմարտութեան: Պատահեցաւ, որ Քրիստոս ապտակ ստանայ եւ լռէ, նաեւ պատահեցաւ, որ ապտակ ստանայ եւ արդարութիւն պահանջէ: Սարգիս զօրավար նաեւ, երբեմն լռեց, երբեմն բարկացաւ եւ յանդիմանեց, երբեմն թելադրեց եւ սաստեց: Այս իրողութիւնը կը պարզէ, որ քրիստոնեայ մարդը պէտք է գիտնայ, թէ ե՛րբ պէտք է լռէ, եւ ե՛րբ պէտք է խօսի, ե՛րբ պէտք է խաղաղ մնայ, եւ ե՛րբ պէտք է տագնապի:

Այնուհետեւ, Սարգիս զօրավար կը ջարդէ մեհեանի մէջ գտնուած կուռքերը: Այս դէպքին վրայ, թագաւորը գլխատելով սպաննել կու տայ զինք, եւ Սուրբը իր մահկանացուն կը կնքէ 362 թուականին: Նահատակութենէն ետք Սուրբին մարմնին վրայ լոյս կ’իջնէ. այս տեսնելով, Սուրբին որդին` Մարտիրոս, իր հօր հաւատարիմ զինուորները համախմբելով, պատանքով կը ծածկեն Սուրբ Սարգիսին մարմինը: Այս արարքը լսելով` Շապուհ թագաւոր դարձեալ կը հրամայէ, որ անմիջապէս սպաննեն Մարտիրոսը եւ հաւատացեալ տասնչորս զինուորները, որոնք նաեւ արժանի եղան սրբութեան պատիւին: Աւանդութեան համաձայն, մեր Մեծ վարդապետը` Մեսրոպ Մաշտոց, Սուրբ Սարգիսին մասունքները բերել կու տայ Հայաստան:

Այսօր մեզի ի՞նչ պատգամ ունի փոխանցելիք Սուրբ Սարգիսը: Գլխաւոր պատգամը այն է, որ մեր նմաններուն նկատմամբ անտարբեր վերաբերմունք չունենանք. անոնց ցաւերուն, տանջանքներուն, նեղութեան հաղորդակից եւ ուղեկից ըլլանք` տասնչորս զինուորներուն նման հաւատարիմ մնանք մեր հաւատքի կեանքին. խոյս չտանք այս քաղցր լուծէն, մեր անձնական հանգիստին համար:

Սուրբ Սարգիսի նահատակութիւնը մեր մէջ հաւատքի այդ կայծը աւելիով կը տոչորէ եւ կը հրաւիրէ սպառազինութեան: Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կոչուած է դառնալու հաւատքի զինուորը եւ հաւատարիմ մնալու այդ ծառայութեան մինչեւ իր երկրաւոր կեանքի վերջին օրը: Անոր համար Պօղոս Առաքեալ կը խօսի պատերազմի մասին եւ կը պատուիրէ` ըսելով. «Ի վերջոյ, զօրացէք Տիրոջմով եւ իր ամենակարող զօրութեամբ: Ձեր վրայ առէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէսզի կարենաք սատանային հնարքներուն դէմ դնել: Որովհետեւ մեր պատերազմը մարդոց հետ չէ, այլ երկնքի տակ գտնուող չար ոգիներուն, իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն, այս խաւար աշխարհի տիրակալներուն դէմ» (Եփ 6.10-12):

Հետեւաբար այս հոգեւոր պատերազմի մէջ մենք լաւապէս պէտք է գիտակցինք, որ մեր իրաւունքը չխլուի, մեր արժանապատուութիւնը չզգետնուի, այլ հպարտ ըլլանք, որ Քրիստոսի եւ Ս. Սարգիս զօրավարի բանակին անդամագրեալ զինուորներն ենք: Քաջ գիտնանք, որ Քրիստոսի զօրութեան կրակը մեր մէջ պիտի ցայտէ եւ ցոլայ: Ուստի, «պատրաստ եղէք. ճշմարտութեամբ ամրապնդեցէք ձեր մէջքը, արդարութիւնը հագէք զրահի պէս, եւ խաղաղութեան Աւետարանը քարոզելու պատրաստակամութիւնը հագէք կօշիկի պէս: Եւ այս բոլորին վրայ` հաւատքի վահանը առէք, որպէսզի կարենաք մարել Չարին արձակած բոլոր մխացող նետերը» (Եփ 6.14-16): Այս խօսքը բոլորիս համար այսօր եւս անլռելի զանգակատուն մը պէտք է ըլլայ: Զօրանանք Աստուծոյ խօսքով, Սուրբ հոգիին սուրով, պատրաստ ըլլանք վերտի լանջապահով, որպէսզի յաղթութեամբ դուրս գանք այս կեանքէն, ինչպէս նահապետներն ու մարգարէները, առաքեալներն ու մարտիրոսները, հայրապետներն ու ճգնաւորները եւ կոյսերը այս յաղթութեան ճանապարհին ռահվիրաները դարձան:

 

 

 

Նախորդը

Դէպի Կոթոքուճի Տաճարը

Յաջորդը

Բանակցային Մրցավազք` Անորոշ Վերջնագծով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.