Լրագրութեան վարժողական ծրագիրը շրջագիծին մէջ, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ապագայ լրագրողներու հերթական հանդիպումը, որուն ընթացքին պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան անդրադարձաւ ՀՅԴ արխիւին բովանդակութեան ու անոր ներկայացուցած կարեւորութեան:
Ե. Փամպուքեան յայտնեց, որ ՀՅԴ արխիւները հարուստ են` աւելցնելով, որ անոնք միայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան չեն վերաբերիր, այլեւ` արեւմտահայերուն:
Աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր ՀՅԴ արխիւային փաստաթուղթերու ժողովածուներու պատրաստութեան աշխատանքին լծուած պատմաբանը ներկայացուց ՀՅԴ արխիւը հաւաքելու աշխատանքը` ընդգծելով այն կարեւոր շրջանները, ուրկէ այդ արխիւները կը հասնէին «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւն:
Ան բացատրեց նաեւ այդ արխիւները փոխադրելու ձեւերուն եւ օգտագործուած միջոցներուն մասին` հաստատելով այդ դժուար աշխատանքին կարեւորութիւնը:
Ե. Փամպուքեան նշեց բռնատիրական պետութիւններու գրաքննութեան դէմ ելլելու կարեւորութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ կեդրոնացաւ ՀՅԴ արխիւին բովանդակած ծածկագիր գրութիւններուն վրայ` խօսելով գաղտնի մելանով գրուած նամակներուն եւ նամակներու մատեաններուն մասին:
Ան ակնարկեց նաեւ գաղտնագրութեան ձեւերուն եւ այդ նպատակով կազմուած բառարաններուն, որոնց ընդմէջէն ամբողջ հայութեան պատմութիւնը կը պարզուէր:
Ե. Փամպուքեանի հետ հանդիպումը բաւական հետաքրքրական դարձաւ եւ հարստացաւ, երբ ապագայ լրագրողները սորվեցան թուանշաններով գաղտնագրութիւնները քակելու քանի մը բանալիներ եւ ձեւեր:



