Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Համբարեան. «Մենք Կը Ցանկանք, Որ Հայերը Եւս Ներկայացուած Ըլլան Ուաշինկթընի Մէջ Որոշումներ Կայացնողներու Շրջանակին Մէջ»

February 5, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վուտրօ Ուիլսընի անուան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ քննարկում Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան վրայ ազգային  խումբերու ազդեցութեան մասին: Քննարկումին ընթացքին Լոպիիստական աշխուժութեան ամերիկահայ փորձը ներկայացուց Ուաշինկթընի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

Վերջին 20-30 տարիներուն ընթացքին ամերիկահայ համայնքը մեծ յառաջընթաց արձանագրած է եւ արդիւնքի հասած Միացեալ Նահանգներու մէջ պահանջը յառաջ մղելու գործով, քննարկումին ըսաւ  Արամ Համբարեան:

«Ամերիկայի մէջ հայերը իրենց շահերը սկսած են պաշտպանել այն պահէն, երբ այստեղ հաստատուեցաւ հայկական ներկայութիւնը», ըսաւ  ան:

Համբարեանի համաձայն ամերիկահայութեան շահերու պաշտպանութեան կազմակերպումը անցած է շարք մը պատմական շրջափուլերով: 19-րդ դարու կոտորածներէն մինչեւ Ցեղասպանութիւն, Պաղ պատերազմ եւ յետխորհրդային տարիներ: Պատմական այս առանցքներուն մէջ ձեւաւորուած է ամերիկահայ համայնքի շահերու պաշտպանութեան քաղաքական ուղեգիծը:

«Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդում, ղարաբաղեան տագնապի կամ, ըստ մեզի, արցախեան տագնապի լուծում  ժողովրդավարական սկզբունքներու հիման վրայ, ինչպէս նաեւ արդարութեան վերականգնում Հայոց ցեղասպանութեան հարցով: Մենք յոյս ունինք, որ այս առնչութեամբ նախագահը գալիք ապրիլին պիտի դիմէ  ճիշդ քայլին», նշեց Համբարեան:

Կարեւոր նկատելով երկրի հասարակական կեանքին մէջ ազգային խումբերուն աշխուժ ներգրաւուածութիւնը` Համբարեան կ՛ընդգծէ` Հայ դատի յանձնախումբը մեծ աշխատանք կը կատարէ այս ուղղութեամբ` տարբեր ոլորտներու մէջ պայմաններ ստեղծելով ամերիկահայ մասնագէտներու եւ երիտասարդներու համար, յատկապէս` երկրի մայրաքաղաքին մէջ:

«Ամերիկայի մէջ որոշում կայացնողները ամերիկացիներն են, որոնք  Ուաշինկթըն կու գան Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ վայրերէ  տարբեր մասնագիտական ունակութիւններով: Մենք կը ցանկանք, որ հայերը եւս ներկայացուած ըլլան Ուաշինկթընի մէջ որոշումներ կայացնողներու շրջանակին մէջ», ըսաւ Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավարը:

Ըստ անոր, լոպիիստական գործունէութեան կարեւոր բաղադրիչներն են համայնքի պատրաստակամութիւնը գործելու ի նպաստ իր շահերուն, նուիրուածութիւնը այս գործին եւ պահանջատիրութիւնը համայնքի առաջնորդներէն գործելու այս ուղղութեամբ: Կարեւոր է ազդարարել նուիրուածութիւնը սեփական համայնքի շահերուն եւ խուսափիլ ամերիկեան որեւէ քաղաքական ուժի նկատմամբ կողմնակալութեան դրսեւորումէ:

«Մենք վերջերս կազմակերպեցինք Ցեղասպանութեան մասին երկու բանաձեւ: Անոր համար անհրաժեշտ եղաւ երկար ժամանակ, սակայն երբեք չբռնեցինք այս կամ այն ամերիկեան քաղաքական կուսակցութեան կողմը», նշեց Արամ Համբարեան:

Սակայն իւրաքանչիւր լոպիիստական գործունէութիւն ունի իր ներքին տրամաբանութիւնը: Այս կամ այն քաղաքական գործիչին աջակցութիւնը, ներառեալ նիւթական նուիրատուութիւնները համայնքին կողմէ, անոր անբաժանելի մասն են: Համբարեան կ՛ընդգծէ, որ նախընտրական նուիրատուութիւնները չափազանց ազդեցիկ եւ կարեւոր են այս ոլորտին մէջ, եւ լոպիիստական կառոյցներու գործառոյթներէն է կոչը համայնքի անդամներուն` համաձայնութեան պարագային աջակցութիւն ցուցաբերելու այս կամ այն գործիչին:

Նախորդը

Վիեննայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայ Դատի Ժամանակակից Հարցերու «Haytadology» Խտացեալ Դասընթացքը

Յաջորդը

Արթուր Խաչատրեան. «Տնտեսական Աճ Ապահովելու Համար Պէտք Է Մեծցնել Տնտեսութեան Կարողականութիւնը»

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Ստեղծուած Է Ազգային  Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ`  Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը  Ուսումնասիրելու
Հայկական

Ստեղծուած Է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ` Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը Ուսումնասիրելու

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.