Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պունտըսթակը Անձեռնմխելիութենէ Զրկած Է Ազրպէյճանէն Կաշառք Ստանալու Յանցանքով Մեղադրուող Երեսփոխանը

February 1, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ խորհրդարանը` Պունտըսթակը երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկած է երեսփոխան Քարին Շթրենցը:

Շթրենց կը մեղադրուի Ազրպէյճանէն կաշառք ստանալու եւ այդ երկրի շահերու լոպիինկով զբաղելու յանցանքով: Նոյն գործով կը մեղադրուի նաեւ Գերմանիոյ Քրիստոնեայ-ընկերային միութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան Էտուարտ Լինթնըր:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Գերմանիոյ Պունտըսթակը անցեալ տարի Քարին Շթրենցը տուգանած էր 20 հազար եւրոյով Ազրպէյճանէն ստացած լրացուցիչ վարձատրութեան մասին Պունտըսթակը ժամանակին չտեղեկացնելուն համար:

Քարին Շթրենցի նկատմամբ կասկածները ի յայտ եկած են 2017-ին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ փտածութեան գայթակղութեան ընթացքին: Մասնաւորաբար, անոր անունը յիշատակուած է Եւրոպայի մէջ Պաքուի շահերուն ի նպաստ լոպիինկ կատարելու համար կաշառքներու մասին անկախ փորձագէտներու ապրիլ 2018-ին հրապարակած զեկուցումին մէջ:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ փտածութեան  գայթակղութեան հիմնական մասնակից, Պունտըսթակի նախկին երեսփոխան Էտուարտ Լինթնըր իրեն պատկանող եւ Պաքուի կողմէ ֆինանսաւորուող ու Ազրպէյճանի ի նպաստ լոպիինկ կատարող «Լայն Մ-Թրէյտ» խորհրդատուական կազմակերպութեան մէջ աշխատանքի ընդունած է Քարին Շթրենցը:

Հակառակ առեւտրական շահերուն` Շթրենց 2015-ին եղած է Ազրպէյճանի ընտրութիւններուն հսկող հսկողութեան առաքելութեան կազմին մէջ: Ի յայտ եկած կասկածներու պատճառով Շթրենց 2018-ի սկիզբը չէ ընդգրկուած ԵԽԽՎ-ի մէջ Գերմանիոյ պատուիրակութեան կազմին մէջ: Ան պնդած է, որ ինք չէ գիտցած, թէ Լինթնըրի ընկերութիւնը կը ֆինանսաւորուի Ազրպէյճանէն: Ան ինքզինք մեղաւոր նկատած է միայն անոր մէջ, որ Պունտըսթակին ժամանակին չէ տեղեկացուցած իր լրացուցիչ վարձատրութեան մասին:

«Թրանսփերընսի Ինթըրնեշընըլ» փտածութեան դէմ պայքարի կեդրոնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ Ֆրանքֆուրթի դատախազութիւնը գործ յարուցած է Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամ Քարին Շթրենցի եւ նախկին երեսփոխան Էտուարտ Լինթնըրի դէմ:

«Նախապէս, մարտ 2019-ին, «Թրանսփերընսի Ինթըրնեշընըլ» համաշխարհային կազմակերպութեան գերմանական ներկայացուցչութիւնը` «Թրանսփերընսի Տէօչլանտ»-ը, առերեւոյթ փտածութեան յանցագործութիւններու մասին կը հաղորդէր ընդդէմ գերմանական Պունտըսթակի ներկայ եւ նախկին քանի մը անդամներու` առնչուած «ազրպէյճանական լուացքատան» գայթակղալի գործին հետ: 2019 մայիսին Ռոսթոք քաղաքի դատախազը որոշում կայացուցած էր վարոյթ չսկսելու մասին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Կը նշուի, որ Ֆրանքֆուրթի դատախազը Քարին Շթրենցը կը մեղադրէ «ազրպէյճանամէտ դիրքորոշման» միջոցով առնուազն 22 հազար եւրօ կաշառք ստանալու յանցանքով: ԵԽԽՎ-ի նախկին անդամ Էտուարտ Լինթնըր կը մեղադրուի Ազրպէյճանէն բրիտանական կեղծ ընկերութիւններու միջոցով 2008-2016 թուականին շուրջ 4 միլիոն եւրօ ստանալու յանցանքով, որ այնուհետեւ պէտք է փոխանցէր ԵԽԽՎ-ի այլ անդամներու, որոնք ատոր դիմաց դրական կարծիքներ արտայայտած են ազրպէյճանական կառավարութեան մասին եւ նպատակադրուած դէմ արտայայտուած են քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման:

 

Նախորդը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ալմաթիի Մէջ Կը Մասնակցի Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Հերթական Նիստին

Յաջորդը

Յունաստանի Խորհրդարանը Վաւերացուց Միացեալ Նահանգներու Նոր Ռազմակայաններուն Մասին Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.