
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ միասին երէկ Արցախի Իվանեան գիւղին մէջ մասնակցեցաւ հիմնովին վերանորոգուած Վալերի Մարութեանի անուան զինուորական հիւանդանոցի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց այս հաստատութեան նշանակութիւնը Արցախի բանակին համար` նշելով, որ զինուորներու բժշկական սպասարկման խնդիրը կը հանդիսանայ զինեալ ուժերու մարտունակութեան կարեւոր բաղադրամասերէն մէկը, եւ պետութիւնը այսուհետեւ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ նմանատիպ խնդիրներու լուծման:
Նոյն օրը Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները ներկայ գտնուեցան նաեւ բանակի ուսումնական կեդրոններէն մէկուն մէջ կազմակերպուած ցուցադրական վարժութիւններուն, ապա Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ հանդիպում ունեցան բանակի ղեկավար կազմին հետ:
Սոյն նախաձեռնութիւններուն կը մասնակցէին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարները եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները երէկ նաեւ մասնակցեցան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի «Արցախ» բնակելի թաղամասի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց այս թաղամասի նշանակութիւնը Ստեփանակերտի համար` նշելով, որ անիկա շօշափելի ազդեցութիւն պիտի ունենայ Ստեփանակերտի մէջ բնակարանային խնդիրի լուծման վրայ, ինչպէս նաեւ նոր որակ պիտի հաղորդէ քաղաքի ճարտարապետական տեսքին:
Սոյն արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:


