Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժնահի Մէջ Ցուցարարներ Խոշտանգումի Ենթարկուեցան, Իսկ Ապահովութեան Ուժերը Կատարեցին Ձերբակալութիւններ

January 25, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժողովրդային շարժումի անդամ ցուցարարներ երէկ առաւօտեան ցոյց մը կատարեցին Ժնահի մէջ գտնուող Հարաւի խորհուրդի կեդրոնին դիմաց:

Փոխադրակառքերով այդ շրջանը հասած ցուցարարները, երբ կը բողոքէին Հարաւի խորհուրդին դէմ` զայն նկատելով փտածութեան աղբիւրներէն մէկը, շրջանին մէջ գտնուող կուսակցականներ բիրերով ու սուր իրերով յարձակեցան ցուցարարներուն վրայ եւ խոշտանգեցին զանոնք, ինչպէս նաեւ քանդեցին զանոնք փոխադրած փոխադրակառքերը` պատճառելով վիրաւորներ:

Ցուցարարներուն անունով հաղորդագրութիւն մը դատապարտեց այս արարքը` ընդգծելով, որ իրենց վրայ յարձակող կուսակցականները Ամալ շարժումի անդամներ էին` աւելցնելով, որ իրենք Ամալ շարժումի ղեկավար, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին անձամբ պատասխանատու կը գտնեն այս արարքին:

Աւելի ուշ Ամալ շարժումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ շարժումը նման որոշում չէ տուած` աւելցնելով, որ այդ յարձակումը ինքնագլուխ որոշում է:

Հարաւի խորհուրդը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց բախումները: «Խորհուրդը բնաւ տեղեակ չէր այս մասին եւ կը ցաւի ցուցարարներուն քայլերուն ու  անոնց նկատմամբ շրջանի բնակչութեան հակազդեցութեան համար», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Ներքին գործոց նախարար Մահմուտ Ֆահմի խստիւ դատապարտեց ցուցարարներուն դէմ յարձակումը` աւելցնելով, որ ապահովական կառոյցները պիտի հետապնդեն յանցագործները:

Ֆահմի ընդգծեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը այս հարցով հետաքննութիւն բացած են եւ թելադրած յանցագործները փոխանցել դատական իշխանութիւններուն:

«Ներքին ապահովութեան ուժերուն պարտականութիւնն է եւ առաջնահերթութիւնը պաշտպանել քաղաքացիները` ըլլան անոնք ցուցարար կամ սովորական քաղաքացի եւ արգիլել խուլիկանութիւնը, խոշտանգումն ու յարձակումները: Ցոյց կատարելը իրաւունք է` օրէնքով ճշդուած իրաւունք», ընդգծեց Ֆահմի:

Յետմիջօրէին ներքին գործոց նախարարին ցուցմունքներով Պիր Հասանի մէջ տեղի ունեցան ներխուժումներ, որոնց ընթացքին ձերբակալուեցան երկու քաղաքացիներ:

Արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ յայտնեց, որ ազատ արտայայտութիւնը եւ ցոյցի իրաւունքը ճնշելու որեւէ փորձի պիտի դիմադրեն համապատասխան օրինական քայլերով:

 

Նախորդը

Պոկտանով. «Լիբանանի Կայունութեան Կառչած Կը Մնանք»

Յաջորդը

Նախարարութիւններու Յանձնումի Եւ Ստանձնումի Պաշտօնական Արարողութիւնները Հասան Իրենց Աւարտին

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.