Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլէյման Ֆրենժիէ. «Արգելք Պիտի Չըլլանք Կառավարութեան Կազմութեան»

January 22, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի երէկ` 21 յունուարին տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ ժողովրդային շարժումին պահանջները իրաւացի են` աւելցնելով, որ այս շարժումին հիմնական նուաճումներէն մէկը եղաւ այն, որ իշխանութիւնը զգաստութեան մղեց` տնտեսական լուծումներ որոնելու:

Ան հաստատեց, որ իրենք չեն կրնար կրել որդեգրուած բոլոր քաղաքականութիւններուն պատասխանատուութիւնը, մանաւանդ որ իրենք չեն քուէարկած տնտեսական որոշումներուն, այլ պատասխանատու եղած են այն նախարարութիւններուն, զորս ստանձնած են: Ֆրենժիէ դիտել տուաւ, որ պէտք է տնտեսական մօտեցումներու ձեւը փոխուի, վերադարձուին խլուած դրամները, իսկական բարեկարգումներու ձեռնարկուի, ներդրումներ ներգրաւելու լուրջ աշխատանք տարուի եւ  ելեւմտական բացը նուազեցուի:

Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ժողովրդային շարժումի սկիզբէն ներքին, արտաքին եւ շրջանային պնդում գոյութիւն ունէր, որ վարչապետ Սաատ Հարիրին հրաժարական տար, իսկ իրենք կը փափաքէին, որ ան կրկին ստանձնէր վարչապետութիւնը, իսկ երբ առաջադրուեցաւ վարչապետ Հասան Տիապի անունը, ինք խորհրդակցեցաւ Հարիրիի հետ, որ համաձայն գտնուեցաւ Տիապին:

«Այս զարգացումներուն լոյսին տակ հաստատեցինք, որ մենք չենք խանգարեր, ինչպէս նաեւ շեշտեցինք, որ կը մերժենք կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդին որեւէ կողմի տրուիլը, որովհետեւ այս մէկ երրորդը ոչ մէկ օր դրական ձեւով օգտագործուեցաւ, այլ միշտ ալ ծառայեց խանգարելու, արգիլելու, խոչընդոտելու: Ուստի ըսինք, որ եթէ մէկը ուզէ այդ մէկ երրորդը ունենալ, այն ատեն մաս պիտի չկազմենք կառավարութեան», յայտարարեց Մարատա հոսանքին ղեկավարը:

Ըստ անոր, հոսանքը չ՛ուզեր խանգարել, ուստի օրին յայտարարեց, որ եթէ անկախ անձնաւորութիւններու կառավարութիւն պիտի ըլլայ, մաս պիտի չկազմէ, իսկ եթէ բոլորը պիտի ներառուին, այն ատեն կը մասնակցի` պայմանով, որ աւելի մեծ թիւով նախարար ունենայ` նկատի ունենալով, որ կառավարութեան մէջ եղող քրիստոնեայ երկրորդ մեծագոյն համախմբումն է: «Կառավարութենէն դուրս մնալու մեր փափաքին մէջ պէտք չէ տեսնել պատասխանատուութենէ խուսափում,  այլ մենք կ՛ուզենք կանգնիլ մեր դաշնակիցներուն կողքին եւ միշտ ալ մնալ միեւնոյն քաղաքական ուղեգիծին վրայ», աւելցուց ան:

Սլէյման Ֆրենժիէ դիտել տուաւ, որ ինք ճշդեց կառավարութեան մաս կազմելու չափանիշներ, որոնք եթէ չյարգուին, ինք արգելք պիտի չհանդիսանայ եւ վստահութեան քուէ պիտի տայ նորակազմ կառավարութեան: Անոր համաձայն, Մարատա հոսանքը պատասխանատուութենէ չի խուսափիր, մանաւանդ որ նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կարիք ունի իր դաշնակիցներուն եւ բարեկամներուն, ոչ թէ իր ծրագիրը ձախողութեան մատնողներուն, ուստի պէտք է անոր կողքին կանգնիլ եւ միասին պայքարիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ այս դժուար փուլը շրջանցել:

Աւարտին ան քննադատեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի այն մօտեցումը, որուն համաձայն, եթէ իրեն հետ չես, ուրեմն խանգարիչ ու արգելակող ես:

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կառավարութիւնը Պիտի Ծնի, Զայն Խեղդելը Երկիրը Խեղդել Կը Նշանակէ»

Յաջորդը

Վարչապետ Տիապ Կազմեց 20 Հոգինոց Մասնագէտներու Կառավարութիւն, Որ Դիմաւորուեցաւ Բողոքի Ցոյցերով. Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարար

RelatedPosts

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի  Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ  Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»

November 9, 2026
Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն  Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»
Լիբանանեան

Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»

November 9, 2026
«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան  Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը
Լիբանանեան

«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.