Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

January 4, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

– «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիա «Հարաւային հոսք» խողովակաշարի կառուցման թոյլտուութիւն տուած է: Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզի հետ հանդիպումին ժամանակ վերջինիս շնորհակալութիւն յայտնած է «խողովակաշարի շինարարութեան վերջնական թոյլտուութեան համար»: Ան երախտագիտութեան խօսքեր ուղղած է նաեւ Եւրոպական Միութեան, վերջինիս ցուցաբերած աջակցութեան համար` նշելով, որ «անշուշտ ասիկա համաեւրոպական նախագիծ է»:

– ՌՈՒՍԱԿԱՆ «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական տնտեսութիւնը մեծ աճ կ՛արձանագրէ եւ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը կը տարածուի նախկին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին վրայ` նշելով, որ այդ ազդեցութիւնը միայն մօտակայ երկիրներուն վրայ չի տարածուիր, այլ նաեւ կը ներառէ նախկին խորհրդային երկիրներ, մասնաւորաբար անոնք, որոնք թրքալեզու են: Օրաթերթը կը նշէ, որ հակառակ անոր որ Մոսկուայի եւ Անգարայի յարաբերութիւնները շատ ամուր են, սակայն այդ մէկը զգուշանալու կարեւորութիւնը չի բացառեր, մանաւանդ որ Թուրքիա սկսած է աւանդաբար Ռուսիոյ կենսական տարածք նկատուած շրջանին մէջ մրցակցիլ Ռուսիոյ հետ:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը` վկայակոչելով Պարաք Օպամայի մտածելակերպին ու խառնուածքին քաջածանօթ ամերիկացի անձնաւորութիւն մը, կը հաղորդէ, որ Օպամա Իրանի հիւլէական կառոյցներուն դէմ հրաման մը պիտի արձակէ, որովհետեւ Իսրայէլին եւ արաբներուն խոստացած է արգելք հանդիսանալ, որ Իրան հիւլէական ուժի վերածուի, եւ ան «չի կրնար իր խոստումը դրժել»: Օրաթերթի յօդուածագիր Սեֆիր Պլուցեքըր կը նշէ, որ Օպամա մօտ օրէն «եւ նախատեսուածէն աւելի մօտ ատենէն» այդ հրամանը պիտի արձակէ:

– ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ մէջ Իսլամ եղբայրներու բանբեր Ժամիլ Ապու Պաքր «Պայան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ժողովուրդը պէտք է ըլլայ իշխանութեան աղբիւրը: Ան կը նշէ, որ շարժումը զօրավիգ կը կանգնի կառավարութեան կատարած բարեփոխումի քայլերուն, սակայն կառչած կը մնայ իր այն կեցուածքին, թէ անհրաժեշտ է գործադրել իսկական բարեկարգչական ծրագիր մը, որուն հիմքը այն է, թէ ժողովուրդը իշխանութեան աղբիւրն է:

 

 

Նախորդը

«ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ ՈՒ ԾՐԱԳՐՈՒՄ ՄՂԻՉ ՈՒԺԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՆ 2012 ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԳՈՐԾԻՆ» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յաջորդը

ԻՐԱՔԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑԱԾ Է 150 ՀԱԶԱՐԸ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.