Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ ՈՒ ԾՐԱԳՐՈՒՄ ՄՂԻՉ ՈՒԺԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՆ 2012 ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԳՈՐԾԻՆ» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

January 4, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոր տարուան առաջին օրը` 1 յունուարին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Ապա վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը ուղղեց ներկաներուն:

Ողջունելով նոր բացուող 2012 տարին, վեհափառը ըսաւ, թէ «արժեւորում եւ ծրագրում պէտք է դառնան Նոր տարուան մեր կեանքին ու գործին մղիչ ուժը: Պէտք է նայինք անցեալին` տեսնելու, թէ ի՛նչ իրագործումներ կատարած ենք ու միաժամանակ ի՛նչ թերացումներ ունեցած մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ: Դիւրին է մեր իրագործումները տեսնելը, սակայն յաճախ դժուար մեր թերացումները տեսնելն ու ընդունիլը: Ախտաճանաչումը մեզ յաջողութեան առաջնորդող ամէնէն ապահով ճամբան է. ան երաշխիքն է նոր իրագործումներու»:

Ապա վեհափառը անդրադառնալով մեր առջեւ բացուող Նոր տարուան` ըսաւ. «Արժեւորումին պէտք է միանայ ծրագրումը: Անցեալին պէտք է նայինք, որպէսզի ապագան ճի՛շդ տեսնենք: Թերութիւնները պէտք է ընդունինք ու սրբագրենք, որպէսզի աւելի՛ լաւը կատարենք: Հոն, ուր ծրագրում չկայ, հոն կը տիրէ պատահականութիւնը եւ անորոշութիւնը: Մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքը հեռու պէտք է մնայ անորոշութենէն եւ ան պէտք չէ դառնայ պատահական աշխատանքներու անգոյն, անդիմագիծ ու աննպատակ կեանք մը: Նպատակասլաց կեանք կ՛ենթադրէ ծրագրուած կեանք: Ան նաեւ կ՛ենթադրէ ամբողջական նուիրում ու խոր հաւատք»:

Իր խօսքի վերջին բաժինին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս 2012-ին համար իբրեւ իւրաքանչիւր հայու եւ ամբողջ հայութեան համար կեանքի ու գործի նպատակ ճշդեց հետեւեալ հինգ սկզբունքները. «ա) Մեր հոգեւոր կեանքի վերանորոգում` հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մեր գործօն մասնակցութեամբ: բ) Մեր միասնականութեան ամրապնդում` Հայաստան-սփիւռք գործակցութեամբ: գ) Հայաստանի ու Ղարաբաղի հզօրացում` հայրենակերտումի առաքելութեան ամբողջական մասնակցութեամբ: դ) Սփիւռքի վերակազմակերպում` նոր մարդուժի պատրաստութեամբ ու կառոյցներուն վերաշխուժացումով: ե) Ազգային պահանջատիրութեան հզօրացում` մեր բոլոր ուժերուն լարումով ու ներդաշնակումով»:

Նախորդը

ՍԱՐՔԵՐՈՒ, ՆԵԹՊՈՒՔԵՐՈՒ ԵՒ ՆՈԹՊՈՒՔԵՐՈՒ ՆՈՐ ՏԵՍԱԿԱՆԻ` «ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»-Ի ԿՈՂՄԷ

Յաջորդը

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.