Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Անին

December 28, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դժուար է երկու տողով նկարագրել այն հերոս մանկավարժը, որուն հիւանդութիւնն ու ցաւերը չկրցան կործանել յոյսերն ու երազները, ոչ ալ կամքը` շարունակելու իր նուիրեալ գործը` պատրաստել տիպար սերունդներ:

Զօրաւոր կամք, ժպիտ, ուրախութիւն. ազնիւ, ծառայասէր, ներողամիտ, մխիթարող, միշտ դրական. ստեղծագործ ձեռքեր, համով կերակուրներ. այս բոլորն էր մեր Անին:

Ճանչցանք զինք Ն. Փ. Ճեմարանին մէջ, որուն պարտէզները, մուտքի երկթիւ աստիճանները, լիբանանեան հին ապարանքներուն յատուկ գեղազարդ առաստաղները ճաշակ ու վայելչութիւն կ՛արտացոլային, բաներ, որոնց այնքան զգայուն էր Անին, բաներ, որոնք իսկապէս կը վայելէին իր նրբագեղ էութեան ազնուական ու հեզ միանգամայն: Որքա՜ն խաղ ու ճիչ` այդ պարտէզներուն մէջ, իր աշակերտներուն կողքին, ի՜նչ ջերմ մթնոլորտ իր պաշտօնակիցներուն հետ` ուսուցչարանը կամ խմբական ճաշի սեղանին շուրջ…

Տարիներ այսպէս պաշտօնավարեցինք հոն միասին, ետքը շարունակեցինք մեր ճամբան Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն ներս, ուր ան դարձաւ մեզի «մեծ քոյրիկ»:

Անին շատ մարդկային էր եւ ընկերական, ան օրինակ էր մեր բոլորին:

Երբ դժուարութեան մը հանդիպէինք, «Մի՛ մտածէք, շուտով կը լուծուի» կ՛ըսէր ան:

Երբ մէկէ մը բարկանայինք, «Հոգ չէ՛, լաւ մարդ է» կ՛աւելցնէր:

Իսկ երբ մեր սիրտը ճաշ մը ուզէր, յաջորդ օրն իսկ ճոխ սեղան մը կը պատրաստէր համեղ-համեղ կերակուրներով:

Հակառակ իր առողջական անկայուն վիճակին` միշտ ներկայ էր Ճեմարանէն ներս: Դասարան կը մտնէր լեցուն պայուսակներով, նորութիւններով, երգելով ու պարելով եւ դասարանէն դուրս կ՛ելլէր երեխաները շուրջը հաւաքած` խնդալով ու խօսելով:

Ժպիտ, երախտագիտութեան խօսքեր, արցունքի կաթիլներ, սրտիկներ, ծաղիկներ քեզի, սիրելի՛ Անի:

ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԵՐԿԱՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐԴ

Պէյրութ, 25 դեկտեմբեր 2019

Նախորդը

Վերջին Դասը

Յաջորդը

Անիին (Անի Կէօքճեանի քառասունքին առիթով)

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.