Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերջին Դասը

December 28, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Մատամ Անիին հետ վերջին դասապահը բոլորովին տարբեր էր:

40 օր առաջ էր, եւ զարմանալիօրէն, սովորականին պէս ֆրանսերէնի դաս չէր:

Չկար ուրախութիւն, ժպիտ, թեթեւութիւն, հանգստութիւն… Կացութիւնը ճնշող էր, աշակերտներուն թիւը շատ, տարիքը խառն, ուսուցիչներ եւ ծնողներ` նոյնպէս ներկայ… Բոլորը եկած էին վերջին դասապահին ներկայ գտնուելու:

Սակայն ի՞նչ էր այդ դասը, որ այսքան մարդ համախմբած էր եւ ինչո՞ւ:

Ճեմարանի ֆրանսերէնի տարիներու դասատուին` մատամ Անիին յարգանքի վերջին տուրքն էր, տարիներու վաստակին վերջին գնահատանքը եւ անոր գործունէութենէն եւ ապրած կեանքէն վերջին պատգամ:

Հաւաքուած էին Ճեմարանի տարբեր սերունդներու աշակերտներ: Տարիներ առաջ մատամ Անիին աշակերտածներ, շրջանաւարտներ…

Հոն էին թէ՛ ներկայ, թէ՛ նախկին աշակերտներու ծնողներ, Ճեմարանի ներկայ եւ նախկին ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, պաշտօնեաներ, հարազատներ եւ բարեկամներ:

Բոլորն ալ տխուր էին, որովհետեւ պիտի բաժնուէին անձէ մը, որուն ներկայութիւնը բոլորին համար հաճելի եւ օգտաշատ էր:

Տխուր էին, որովհետեւ կորսնցուցած էին մէկը, որ ֆրանսերէնի դասէն անդին` կեանքի դասեր կու տար, կը դաստիարակէր սերունդներ, կը պատրաստէր լաւ մարդ` զարգացած ու առողջ մտածելակերպով:

Տխուր էին, որովհետեւ կանուխ էր, «կեանքին օրէնք»-ը տակաւին կրնար սպասել… բայց անողոք հիւանդութիւնը չարտօնեց:

Բայց բոլորն ալ լաւ գիտէին, թէ մատամ Անին պիտի չ՛ուզեր, որ տխրին, որովհետեւ ինք, իր հիւանդութեան ծանրագոյն օրերուն իսկ կը ժպտէր, կը դիմադրէր դրական տրամադրութեամբ. աւելի՛ն, կ՛օգնէր իր շուրջիններուն` բարելաւելու համար անոնց տրամադրութիւնը:

Յարգանքէն ու սէրէն անդին` մատամ Անին իր վերջին դասապահին ընթացքին չյուսահատիլ ու չդժգոհիլ սորվեցուց, ժպտիլ, պայքարիլ ու ապրիլ սորվեցուց:

Այո՛, իր մահը նոյնիսկ կրցաւ ապրիլ սորվեցնել:

Այսօր արդէն իսկ 40 օրեր անցան մատամ Անիէն մեր ֆիզիքական բաժանումին, սակայն վերջին դասապահէն ու դասէն ոչ ոք պիտի կրնայ բաժնուիլ:

Դաս մը, որ մեր կեանքի ընթացքին շատ պէտք պիտի ունենանք, եւ որուն արդիւնքը աւելի ուշ պիտի զգանք:

Շնորհակալութի՛ւն, մատա՛մ Անի:

«Կեանքին օրէնք»-ին  հետեւելով` օր մը դարձեալ պիտի հանդիպինք:

Հանգիստ ննջէ՛ բարի ու ազնիւ ժպիտովդ:

Աշակերտդ`
ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Նախորդը

Կաղանդի Ծառին Հետքերով

Յաջորդը

Մեր Անին

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.