Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետին Ներկայացուեցաւ Հակաօդային Եւ Հակահրթիռային Պաշտպանութեան Նորագոյն Սպառազինութիւնը

December 23, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

21 դեկտեմբերին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի կազմաւորման 25-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ բանակի ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեանի ընկերակցութեամբ այցելեց պաշտպանութեան զօրամաս, ուր անոր ներկայացուցին Հայաստանի զինուած ուժերուն հակաօդային եւ հակահրթիռային պաշտպանութեան նորագոյն սպառազինութիւնները:

Վարչապետը կարեւոր նկատեց բանակը նորագոյն զինատեսակով եւ միջոցներով համալրելու ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները եւ ընդգծեց, որ այդ ընթացքը պիտի կրէ հետեւողական եւ շարունակական բնոյթ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիսութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ նոր առաջադրանք ներկայացուց զինուած ուժերուն` շեշտելով, որ հայոց բանակը պէտք է ըլլայ աշխարհին մէջ ամէնէն զարգացածներէն եւ մտաւորական յատկութիւններով օժտուածներէն մէկը:  Ըստ անոր, պատմութեան ամբողջ ընթացքին ռազմական գործը եղած է, եւ կը շարունակէ մնալ ամէնէն մտաւորական գործերէն մէկը, եթէ ոչ` ամէնէն մտաւորականը:

«Մարդկութեան պատմութեան առաջին օրերէն մինչեւ այսօր ինքնին անվտանգութեան կարիքներն են, ռազմական գործն է քաղաքակրթութեան զարգացման մեծագոյն խթանը: Այս փուլին, երբ Հայաստանի զինուած ուժերը սպառազինութեան եւ ռազմական համակարգի զարգացման, մարտունակութեան զարգացման բոլորովին նոր փուլ թեւակոխած են, մտաւորական աշխատանքը պէտք է դառնայ մեր բանակի զարգացման կարեւորագոյն առանձնայատկութիւններէն մէկը: Երբ կ՛ըսենք, որ Հայաստանի զինուած ուժերը, հայոց բանակը պէտք է ըլլան մարտունակ, միջազգային բարձրագոյն չափանիշներուն համապատասխան, նախ եւ առաջ նկատի ունինք, որ Հայաստանի բանակը պէտք է մարտունակ ըլլայ մտաւորական առումով: Հայոց բանակը պէտք է ըլլայ աշխարհի ամէնէն մտաւորականներէն ու զարգացածներէն մէկը», շեշտեց Փաշինեան:

Փաշինեան նշեց, որ Վազգէն Սարգսեանի անուան համալսարանի բազմաթիւ շրջանաւարտներ փառապանծ ծառայութիւն կը կատարեն զինուած ուժերուն մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ համալսարանը ձեւաւորուած է այն ժամանակաշրջանին, երբ հայոց բանակը կազմաւորման փուլի մէջ էր, նոյն վիճակին մէջ էր Արցախի պաշտպանութեան բանակը, որ միեւնոյն ժամանակ յաղթանակներ կը կերտէր` վայելելով իր փառքը արցախեան ազատամարտին տարած յաղթանակին առիթով:

«Այս համալսարանը, այս կրթօճախը հիմնուած է հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի փառահեղ յաղթանակին վրայ, եւ այս շինութիւնը պէտք է` իբրեւ հայոց պետականութեան, հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ողնաշար, ամրանայ, կառուցուի եւ ամուր կանգնի հայ ժողովուրդի, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան դիրքերուն մէջ: Ռազմական համալսարանի հազարաւոր շրջանաւարտներ փառապանծ ծառայութիւն կը կատարեն բանակին մէջ: Այդ ծառայութեան վրայ հիմնուած է այսօրուան հզօր, մարտունակ, ինքնավստահ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը, Արցախի պաշտպանութեան բանակը», նշեց վարչապետը:

 

Նախորդը

Դաւիթ Տօնոյեան. «Մեր Զինուած Ուժերը Օրէ Օր Պիտի Հզօրանան»

Յաջորդը

«Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան Տեսակէտը` Արցախի 2020-ի Պետական Պիւտճէին Մասին

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.