Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տունը Հայոց Ցեղասպանութեան Օրէնսդրական Ճանաչման Հակադրելու Փորձը

December 20, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Հայ դատի ճակատի վրայ մեր արձանագրած նուաճումները ճիշդ արժեւորելու գիտակցութիւնն ու պատրաստակամութիւնը լաւագոյն ապացոյցն են մեր քաղաքական հասունութեան: Որոշ շրջանակներու մէջ, միամտաբար թէ չարամտութեամբ, կը բացակայի այդպիսի գիտակցութիւն` ի դէմ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան միաձայնութեամբ որդեգրած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը հաստատող օրէնսդրական զոյգ աքթերուն:

Ոմանք կը փորձեն այս քաղաքական կրկնակ նուաճումները վերագրել վերջին տարիներու աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ Ամերիկայի եւ Թուրքիոյ միջեւ յամեցող անհամաձայնութիւններուն: Ուրիշներ այս նուաճումները կը նկատեն արգասիքը Քիմի նման ժողովրդականութիւն վայելող անհատներու: Եւ տակաւին, կը գտնուին անոնք, որոնք կը փորձեն նսեմացնել այս նուաճումները` զանոնք նկատելով անհետեւանք, ապարդիւն, մինչեւ իսկ` ձեւական:

Թերեւս պէտք է հաշտուիլ մեր ազգային կեանքի մէջ յաճախակիօրէն բուսնող այսպիսի շրջանակներու գոյութեան հետ: Անոնք պիտի գան, երգեն իրենց երգը եւ անցնին: Բայց Հայ դատի աշխատանքը պիտի ընթանայ յամառօրէն, հետեւողականութեամբ եւ վճռակամութեամբ, որպէսզի վերանան մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի իրաւազրկումի շարունակուող կապանքները:

Պէտք է գիտակցինք եւ ընդունինք, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը հաստատող ամերիկեան օրէնսդիր իշխանութեան որոշումները մեր քաղաքական նուաճումներ են, որոնց իրագործումը կը պարտինք տասնամեակներէ ի վեր Հայ դատի յանձնախումբի տքնաջան աշխատանքներուն: Աշխարհաքաղաքական պայմանները կամ որոշ անհատներու ներդրումը կրնան միայն պատահական ազդակներ հանդիսանալ այն մեծ աշխատանքին, որ պատրաստեց եւ իր աւարտին հասցուց ճշդուած ու հետապնդուած նպատակը` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր իշխանութեան կողմէ:

Ներկայացուցիչներու տան 435 անդամներու եւ ծերակոյտի 100 ծերակուտականներու հայանպաստ դիրքորոշումը արդիւնք է տասնամեակներու «դաստիարակչական» այն աշխատանքին, որ Հայ դատի յանձնախումբը կատարեց ամէնօրեայ դրութեամբ:

Անոնց որդեգրած յաջորդաբար թիւ 296 եւ թիւ 150 բանաձեւերը ինքնաբուխ կերպով պատրաստուած արձանագրութիւններ չէին: Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին ներկայացուցած իւրաքանչիւր հայանպաստ բանաձեւի պատրաստութիւնն ու հեղինակութիւնը կը պատկանի Հայ դատի յանձնախումբին:

Այս երկու բանաձեւերը, մարտավարական հասկացողութեամբ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր իշխանութեան ներկայացուեցան իբրեւ իրարմէ անկախ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ: Նպատակը, հանգրուանային առումով, օրէնսդրական դիրքորոշում ապահովել էր: Նպատակը յաջողեցաւ: Այսօր Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը եւ ծերակոյտը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը հաստատող օրէնսդրական յստակ դիրքորոշում ունին:

Կարելի չէ նսեմացնել օրէնսդրական այս դիրքորոշումը: Տարիներ առաջ, 1991-ին, երբ Ազրպէյճանի նախայարձակման մագլցումներուն կ՛ենթարկուէր Լեռնային Ղարաբաղը եւ կը բռնաբարուէր Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, Հայ դատի յանձնախումբը պատրաստեց եւ ծերակոյտի մէջ նախաձեռնեց բանաձեւի մը որդեգրումին: Իբրեւ ծերակոյտի թիւ 128 բանաձեւը, ծերակոյտը կը դատապարտէր ազրպէյճանական նախայարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ եւ զօրավիգ կը կանգնէր Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին: Ծերակոյտը թիւ 128 բանաձեւը որդեգրեց միաձայնութեամբ` 1991-ի մայիսի 17-ին:

Այս բանաձեւը Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը ապահովող ծերակոյտի օրէնսդրական դիրքորոշումն էր: Ան ունէր օրէնսդրական հեղինակութիւն, որ աննկատ չանցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ, եւ որ իր կարգին, հետեւելով ծերակոյտի դիրքորոշումին, վարքագծային փոփոխութիւն յառաջացուց ի նպաստ Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին:

Ուստի, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը հաստատող Քոնկրեսի օրէնսդրական կրկնակ դիրքորոշումները ունին քաղաքական եւ իրաւական հեղինակութիւն, որ չեն կրնար մտահան ընել Սպիտակ տունն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Այս հանգամանքը այսօր չի վրիպիր Թուրքիան դարպասող եւ թրքական շահերը պաշտպանող շրջանակներէն: Իբրեւ հակադարձութիւն` այս շրջանակները փորձ կը կատարեն հակադրելու Սպիտակ տունը` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնսդրական դիրքորոշումին:

Այսպէս, կարգ մը թրքամէտ լրատուամիջոցներ արդէն իսկ սկսած են սխալ մեկնաբանութեամբ լրատուութիւն կատարել Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի երկու պալատներուն կողմէ Հայոց  ցեղասպանութիւնը հաստատող օրէնսդրական դիրքորոշման մասին: Այս աղբիւրներու շարքին կը պատկանին «Պի.Պի.Սի.»-ի (BBC) եւ «Տի Ինտիփենտընթ» (The Independent) թերթի նման աղբիւրներ: Այսպիսի լրատուամիջոցներ, հակադրելով ամերիկեան գործադիր իշխանութիւնը օրէնսդիր իշխանութեան որդեգրած բանաձեւերուն դէմ, կը ծանուցեն, որ նախագահ Թրամփ «կը մերժէ ցեղասպանութիւն որակումը» հայկական ջարդերու պարագային:

Այս լրատուութիւնը սխալ մեկնաբանութեամբ ապատեղեկատուութեան տիպար նմուշն է: Նախագահ Թրամփ նման բովանդակութեամբ ելոյթ չէ ունեցած: Մինչեւ իսկ ցարդ իր տեսակէտը չէ յայտնած Քոնկրեսի օրէնսդրական դիրքորոշման մասին: Իրականութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահը սահմանադրական ոչ մէկ լիազօրութիւն ունի օրէնսդիր իշխանութեան նման դիրքորոշումներուն գծով:

Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան բանաձեւերը, որոնք միաձայնութեամբ եւ միահամուռ կերպով որդեգրուեցան, երկու անկախ օրէնսդրական աքթեր են: Անոնք կը հաստատեն ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող սեփական դիրքորոշումներ:

Հետեւաբար նախագահ Թրամփին կը մնայ հետեւիլ այն բարոյական հեղինակութեան, որ այս զոյգ բանաձեւերը կը ներկայացնեն իբրեւ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր իշխանութեան դիրքորոշումն ու կամքը:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտ, Վարիչ Առաջնորդս` Սագօ Սարգիսեանը

Յաջորդը

Լիբանանահայ Թատրոնի Ծառան` Թորոս Հելվաճեան (40 Տարուան Գործունէութեան Առիթով)

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.