Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիտանեան Գլխաւորեց Զբօսաշրջական Ընկերութիւններու Ղեկավարներու Եւ Ներկայացուցիչներու Ժողովը

December 18, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ գլխաւորեց ժողով մը` ներկայութեամբ զբօսաշրջական ընկերութիւններու ղեկավարներու, պանդոկներու, ծովային զբօսաշրջական ընկերութիւններու, ճաշարաններու, սրճարաններու, գիշերային զբօսավայրերու, զբօսաշրջական եւ ճամբորդական գրասենեակներու, կահաւորուած յարկաբաժիններու, վարձու ինքնաշարժներու ընկերութիւններու եւ զբօսաշրջական ուղեցոյցներու սենտիքաներու ներկայացուցիչներու: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկրին տնտեսական իրավիճակին զարգացումները եւ անոնց հետեւանքները զբօսաշրջական մարզին վրայ, որ շատ մեծ անկում արձանագրած է` հասնելով 80 առ հարիւրի, մինչ 2019 տարին եւ իր զբօսաշրջական եղանակները դրական թիւեր արձանագրած էին նախորդ տարիներուն բաղդատմամբ:

Քննարկուեցաւ երկրին մէջ ստեղծուած սուր տագնապը, որուն հետ դժուար դարձած է գոյակցիլ, եւ կը պահանջուին յատուկ ճիգեր զբօսաշրջական մարզին շարունակականութիւնը ապահովելու համար` անհրաժեշտ տուեալներու բացակայութեան լոյսին տակ:

Հակառակ մշուշոտ եւ ժխտական կացութեան, համաձայնութիւն գոյացաւ սկսելու նախաձեռնութիւն մը` գրաւելու արտերկի լիբանանցին, ինչպէս նաեւ արաբական շրջակայ երկիրներու զբօսաշրջիկները: Այդ նախաձեռնութիւնը կը միտի զբօսաշրջիկին համար քաջալերական սակեր տրամադրել օդանաւային ընկերութիւններու եւ յատկապէս` Միջին Արեւելքի օդանաւային ընկերութեան, ինչպէս նաեւ պանդոկներու, ճաշարաններու, կահաւորուած յարկաբաժիններու, վարձու ինքնաշարժներու ընկերութիւններու եւ զբօսաշրջական համալիրներու կողմէ:

Ա. Կիտանեան խոստացաւ հաղորդակցիլ շահագրգռուած կողմերուն հետ եւ որոշում կայացնել` ապահովելու համար բաղադրիչները այս նախաձեռնութեան, որ պիտի յաջողի կարելի եղածին չափ շարժել տնտեսութեան անիւը` իւրաքանչիւր արտերկրի լիբանանցիի կամ զբօսաշրջիկի հետ օտար դրամանիշը Լիբանան մտցնելով:

 

Նախորդը

Պասիլ Ժընեւի Մէջ Կոչ Ուղղեց Լիբանանի Հետ Վերցնելու Տեղահանութեան Հարցի Պատասխանատուութիւնը

Յաջորդը

Պըրրի – Շէյխ Հասան Հանդիպում

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.