Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Կոչ Ուղղեց Լիբանանահայութեան` Հաւաքական Ճիգով Դիմակալելու Լիբանանի Դիմագրաւած Ճգնաժամը

December 13, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Ազդակ»-ի, «Վանայ Ձայն»-ի Եւ
«Օ. Թի. Վի.»-ի Միացեալ Հարցազրոյց

Երէկ` հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ», «Վանայ Ձայն» եւ «Օ. Թի. Վի.» միացեալ հարցազրոյց մը կատարեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ:

«Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 130-ամեակին ընդառաջ` մարտահրաւէրներ եւ առաջադրանքներ» խորագիրը կրող հարցազրոյցը վարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարզի պատասխանատու Յակոբ Հաւաթեան:

Զրոյցին առանցքները հանդիսացան միջինարեւելեան գաղութներուն ապրած հոլովոյթն ու այսօր անոնց ներկայացուցած կարեւորութիւնը, լիբանանահայութեան կեդրոնական նշանակութիւնը` իր պատմական դերակատարութեամբ, համահայկական կառոյցներով եւ Հայաստանի հանդէպ  ունեցած յանձնառութիւններով: Այս գծով Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շեշտը դրաւ Լիբանանի գաղութին ունեցած կարեւորութեան եւ առանցքային դերակատարութեան վրայ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ուսանողութեան, երիտասարդութեան եւ պատանեկան միութիւններու դերակատարութեան, անոնց նկատմամբ ՀՅԴ-ին ցուցաբերած ուշադրութեան ու հոգածութեան, նաեւ համահայկական ընդհանուր պատկերին մէջ անոնց ներկայացուցած արժէքին ու կարեւորութեան: Զրոյցին չորրորդ առանցքն էր Հայ դատը, այս ծիրին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ տարուող բազմաճիւղ եւ բազմերես աշխատանքներուն, նուաճումներուն, Հայ դատի գրասենեակներուն ծաւալած մասնագիտական աշխատանքներուն եւ անոնց նկատմամբ ժողովուրդին ցուցաբերած զօրակցութեան ու հաւատքին:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան խօսեցաւ նաեւ ՀՅԴ-ի ուղեկից միութիւններուն շուրջ մէկ դարու կեանքին ու տարած մեծ  աշխատանքին, յատկապէս Հայաստանի հետ անոնց ունեցած կարեւոր կապերուն մասին` նշելով, որ անոնք իրենց երդիքին տակ կը համախմբեն կամաւորներու հսկայ բանակ մը, որ շատ կարեւոր է ՀՅԴ-ին համար: Քննարկուող նիւթերէն էին հայ կնոջ դերակատարութիւնը կուսակցութեան մարմիններուն մէջ, մտաւորականներու դերակատարութիւնը, անոնց եւ ՀՅԴ-ին միջեւ եղած կապին կարեւորութիւնը:

Հարցազրոյցին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ նաեւ ՀՅԴ-ի 130 տարուան կենսափորձը, պատմական երթը, փորձառութիւնը, անցած ուղին, որոնք կը շարունակեն հարուստ ենթահող հանդիսանալ ներկայի ու ապագայի աշխատանքներուն համար, որոնք միշտ վերանորոգուելու, վերաթարմացուելու բնական հոլովոյթ կ՛ապրին` ջրելով այն ենթադրութիւնը, որ կուսակցութիւնը միայն ու միայն իր հին արժէքներով կը սնանի եւ կը դաստիարակէ սերունդներ, այլ ներկան Դաշնակցութեան համար ապրող իրականութիւն է:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ այսօր ո՞վ է դաշնակցականը հասկացողութեան, կուսակցութեան ներքին ժողովրդավարութեան պատմական հոլովոյթին եւ անոր կարեւորութեան, որ հիմնական գաղտնիքն է կուսակցութեան գոյութեան ու յառաջընթացին:

Աւարտին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ իր կուսակցական կազմաւորման մէջ շատ բան կը պարտի Լիբանանին` դիտել տալով, որ մարդուժի պատրաստութեան իմաստով այս գաղութը միշտ ալ ունեցած է մեծ դերակատարութիւն եւ այդպէս ալ պէտք է շարունակէ մնալ: Ան կոչ ուղղեց լիբանանահայութեան, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս հաւաքական ճիգով դիմակալելու Լիբանանի դիմագրաւած այս ճգնաժամը` աւելցնելով, որ Լիբանանը այսօր պէտք է արժանանայ համահայկական զօրակցութեան:

Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային:

 

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Կ. Պոլսոյ Հայոց Նորընտիր Պատրիարքը

Յաջորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտին. Յատկացումները Կը Շարունակուին 10 Դիմումի Ընդառաջում` Հոկտեմբեր Եւ Նոյեմբեր Ամիսներուն Ընթացքին 31-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 481 Պարագայ

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.