Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Խաչիկ Ճանել Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ուղղած իր 11 դեկտեմբեր 2019 թուակիր նամակով կը հաղորդէր Սահակ եպս. Մաշալեանի ընտրութիւնը` պատրիարք Կոստանդնուպոլսոյ:
Վեհափառ հայրապետը նորընտիր պատրիարքին յղած իր շնորհաւորական նամակին մէջ ըսաւ. «Հոգեկան ցնծութեամբ եւ եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Ձեզ եւ կը շնորհաւորենք Ձեր ընտրութիւնը: Արդարեւ, Կ. Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը երկար շրջան մը թափուր մնալէ եւ զանազան դժուարութիւններ դիմագրաւելէ ետք, ահա այսօր Աստուծոյ օրհնութեամբ կ՛ունենայ իր նոր պատրիարքը, վերանորոգ նուիրումով շարունակելու համար պատրիարքութեան դարաւոր առաքելութիւնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ Մենք անձնապէս եղբայրական սերտ յարաբերութիւններ մշակած ենք Ձեր նախորդներուն` երջանկայիշատակ Գարեգին եւ Մեսրոպ պատրիարքներուն հետ: Վստահ ենք, որ Ձեր ընտրութեամբ նոր ու փայլուն էջ մը պիտի բացուի պատրիարքութեան կեանքին մէջ եւ մեր երկու նուիրապետական աթոռներու միջեւ սերտ գործակցութիւնը շարունակուի»: