ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը հոկտեմբեր եւ նոյեմբեր ամիսներուն ընթացքին ընդառաջեց 10 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ սեպտեմբեր 2019 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացան 471 պարագաներ:
Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարեց 1 զոյգ, որ պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացաւ ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարեցին 8 պարագաներ, որոնք արժանացան ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Ընտանիքի բազմացման ֆոնտէն (3-րդ երեխայ եւ աւելի) օգտուեցաւ 1 նորածին` 2 հազար ամ. տոլար:
Այս ձեւով անցնող 31 ամիսներուն` մայիս 2017-էն սեպտեմբեր 2019, Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի յատկացումին արժանացան 481 հայեր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ