Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Չկայ ՀՅԴ-ի Հին Ու Նոր Ղեկավարութիւն»

December 10, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին օրերուն իրար յաջորդող իրադարձութիւններու, Դաշնակցութեան շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներու, ինչպէս նաեւ անցնող շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ 20-է աւելի երկիրներու դաշնակցական ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներու հաւաքէն ետք, «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանը զրոյց ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ:

Զրուցավար Գեղամ Մանուկեան հարցուցած է այս անգամուան այցելութեան նպատակին մասին. պատասխանելով ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսած է. «Այցելութեան հիմնական նպատակը կարելի է բաժնել երեք մասի: Առաջինը ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու խորհրդաժողովն է, որ տեղի ունեցաւ եւ արդէն իսկ իրենց հաղորդագրութիւնը հրապարակուած է: Երկրորդը, Հայաստանի մէջ  հանդիպումներու նպատակն է, որ բնականաբար տեղի կ՛ունենայ  պարբերաբար: Երրորդ` Արցախի մէջ Արտակարգ շրջանային ժողովին մասնակցութիւնն է, որովհետեւ, ինչպէս գիտէք, մեր կազմակերպութիւնը եւս պէտք է ճշդէ յառաջիկայ գարնան տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններու ռազմավարութիւնը: Այս երեք հիմնական պատճառներով է, որ կը գտնուիմ հայրենիքի մէջ , եւ այո՛, կեանքիս մեծ մասը հիմա կ՛անցընեմ հայրենիքի մէջ` Հայաստան ըլլայ, թէ Արցախ»:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ անդրադարձած է դաշնակցական երիտասարդներու  խորհրդաժողովին, ուր 22 երկիրներէ հաւաքուած էին ուսանողական-երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներ: Ան ընդգծեց, որ երեւոյթը ուրախալի է: Ուրախալի է յատկապէս այն երեւոյթը, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը յաջողած է այդ երիտասարդութեան մէջ կերտել հայու  այն կերպարը, որ անկախ իր բնակութեան երկրի վայրէն, յստակօրէն կը դրսեւորէ մէկ ազգ եւ մէկ դատ ունեցող նուիրեալ եւ յանձնառու հայու  նկարագիրը: Ուրախալի է, որ այդ բազմաթիւ երկիրներէն եկած երիտասարդները հիմնական հարցերու շուրջ որեւէ տարակարծութիւն չունեցան:

Անդրադառնալով Հայաստանի իշխանութիւններուն վերջին օրերու յայտարարութիւններուն` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ. «Անգամ մը եւս կը նշեմ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մէջ չկան ներսի եւ դուրսի դաշնակցականներ, չկայ հին ու նոր ղեկավարութիւն, եւ այն պահանջները, որ նոր ղեկավարութիւնը հինը քննադատէ եւ արժանի գնահատականը տայ, մեզի համար անընդունելի է եւ տարօրինակ»:

Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը` յաջորդիւ:

Նախորդը

Հայաստանի Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

Յաջորդը

«Տեր Շփիկըլ» Մօտ Օրէն Համաշխարհային Առեւտուրի Հիմերու Կործանում Կը Նախատեսէ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ

October 22, 2026
Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.